ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիսի 2ին «Միկա» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի կանանց Եւրոպայի առաջնութեան «Սի» խումբի առաջին կիսաեզրափակիչ հանդիպումը՝ Հայաստանի ու Սքոթլանտի հաւաքականներուն միջեւ:
Հայկական խումբը 86:83 հաշուով յաղթանակ տանելով, հասաւ առաջնութեան եզրափակիչ, եւ անկախ արդիւնքէն, նուաճեց յաջորդ տարի «Պի» խումբի մէջ մտնելու իրաւունք: «Պի» դասակարգումը առաւել ուժեղ խումբերու համար է:
Եզրափակիչ խաղը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Յուլիս 3ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.