Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Յուլիս 1ի կէսօրին, ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լէրի Պարնզի, որ ազգային առաջնորդարան ժամանեց ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի եւ անդամ Լեւոն Կիւլպէնկեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան ազգային վարչութեան եւ առաջնորդարանի շէնքի հոգատարութեան յանձնախումբի անդամներէն Վահան Պզտիկեան եւ Վահրիճ Փիլաւճեան։
Ծանօթ է, որ Լէրի Պարնզ անցեալ Դեկտեմբերին, եւ ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի ու ցեղասպանութեան զոհ գացած անոր ընտանիքի անդամներուն, յանձն առած էր Լաս Վեկասի նորահաստատ եկեղեցւոյ բարերարութիւնը, կատարելով իշխանական նուիրատուութիւն մը։ Ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին ու թեմի ժողովականութեան խնդրանքին, եւ բարձր գնահատելով ազնիւ բարերարին նուիրաբերումը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանը շնորհած էր անոր։ Շքանշանին յանձնումը տեղի ունեցած էր 23 Մայիսին, առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ, Լաս Վեկասի մէջ, եկեղեցւոյ կից սրահին բացման հանդիսութեան առիթով։ Անթիլիաս իր այցելութենէն (Յունիսի սկիզբը) վերադարձէն ետք, Հինգշաբթի օր, առաջնորդ սրբազանը վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը յանձնեց բարերարին, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով անոր նուիրաբերումին ու Լաս Վեկասի ծխական համայնքին յարատեւ զօրակցութեան համար։
Լ. Պարնզ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին ու առաջնորդ սրբազանին։
Հանդիպումի աւարտին, առաջնորդ Սրբազանը բարերարն ու ներկաները հիւրասիրեց ճաշով, որուն աւարտին, խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարութեան ծրագիրները, մեկնելով պատրաստուած նախագիծերէն Յանձնախումբը աշխատանք կը տանի, որպէսզի շինարարական ու յարակից աշխատանքները գործնական ճամբու մէջ մտնեն յառաջիկայ ամիսներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.