ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Ուրբաթ 25 Յունիս 2010ին յիշատակարժան օր մը եղաւ Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ «Յակոբ Գասապեան» կոմիտէութեան համար, երբ եօթը երիտասարդներ մուտք գործեցին Դաշնակցութեան շարքերէն ներս: Հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ, նորագիրները Դաշնակցականի իրենց երդումը կատարեցին՝ կնքահայրութեամբ հաւատաւոր ու բազմավաստակ երէց Ժիրայր Նատեանի, որ այս առթիւ իր հայրական ազգաշունչ խօսքը ուղղեց անոնց:
Նորագիրները՝ երեք երիտասարդներ ու չորս երիտասարդուհիներ, մերօրեայ հայկական Սփիւռքի յատկանշական մէկ նմոյշը կը կազմէին, քանի անոնցմէ երեքը Թեսաղոնիկէ ծնած էին, երկուքը Երեւան, իսկ երկուքն ալ Թիֆլիս:
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նորագիրներուն խօսեցաւ, Աթէնքէն յատկապէս ժամանած Արա Մանկոյեան: Ան շեշտեց թէ «Դաշնակցականը այն հայն է, որ կամաւոր կերպով իր ազգին կը ծառայէ, իր վաստակէն սիրայօժար կերպով գումարներ կը տրամադրէ ազգային նպատակներու յաջողութեան համար ու փոխարէնը՝ անտրտունջ քննադատութիւններ կը լսէ:»
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.