ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, ամէն տարի, Հայրերու տօնին առիթով դաշտագնացութիւն կը կազմակերպէ՝ մէկտեղելով շրջանիս մուսալեռցիները, միասնաբար հաճելի օր մը անցնելու, ինչպէս նաեւ անցեալն ու ներկան կամրջելու, սերունդներուն միջեւ ամրապնդելու ծանօթացման եւ բարեկամական յարաբերութիւններու շղթաները:
Այս տարի դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս, 20ին, Ֆրեզնոյի «Wood Ward» հանրային պարտէզի ծառաստանին մէջ, ներկայուկայութեամբ աւելի քան 65 մուսալեռցիներու, որոնք եկած էին միասնաբար զրուցելու, պահ մը անցեալի յուշերով թարմանալու եւ վայելելու յանձնախումբին պատրաստած ճաշերն ու կարկանդակները. դաշտագնացութեան կը մասնակցէին նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ Հայաստանէն հայրենակիցներ:
Այս տարի, ուրախալի երեւոյթ էր մեծ թիւով նոր սերունդին ներկայութիւնը եւ անոնց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, աւանդական անուշեղէնի մը պատրաստութեան ընթացքին. անոնք, Ժանեթ Ադամեանի շուրջ բոլորուած՝ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին «Ծիլըպըք»ի պատրաստութեան աշխատանքներուն. անդին, ծերեր եւ երիտասարդներ, սեղաններուն շուրջ թղթախաղ եւ նարտ կը խաղային, իսկ ոմանք ալ, կրակարանին շուրջ խորոված կը պատրաստէին:
Վարչութեան ատենապետուհի Սալբի Էտըմ, պահ մը ներկաներուն ուշադրութիւնը խնդրեց եւ համառօտ կերպով ներկայացնելէ ետք վարչութեան նիւթական տեղեկագիրը, ըսաւ. «Սիրելի հայրենակիցներ, ինչպէս գիտէք, այս տարի, մեծ հանդիսութիւններով Այնճարի մէջ պիտի տօնուի աւանին հիմնադրութեան 70 եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95 ամեակները. կազմակերպչական աշխատանքները դասաւորելու համար, կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ դիմած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր մուսալեռցիներուն՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելու ծրագրուած աշխատանքներուն: Վարչութիւնս, իր կարգին, Ֆրեզնոյի համար կազմեց յանձնախումբ մը, որ պիտի այցելէ բոլորիս. պիտի խնդրենք, որ դիւրացնէք յանձնախումբին աշխատանքները, նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելով Այնճարի մէջ Օգոստոս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք հանդիսութիւններուն»:
Հանրային պարտէզին մէջ ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ մայրամուտ, երբ կամաց-կամաց սկսաւ դատարկուելու պարտէզը. մուսալեռցիներս ալ, իրարու մաղթանքներ արտասանելով՝ բաժնուեցանք, Խաչի տօնին տեսնուելու առաջադրութեամբ:
Սիրելի ընթերցող, հակառակ, որ Ֆրեզնօ քաղաքը նշանաւոր է իր բարձր ջերմաստիճանով, այդ օրը, Աստուած, որ միշտ մուսալեռցիներուս հետ եղած է, վկայ՝ Մուսա Լերան հերոսամարտը, վկայ՝ ներկայ Այնճար աւանը ու լիբանանեան վերջին կռիւները, Կիրակի օրն ալ ջերմաստիճանը նուազեցուցած էր 85 աստիճանի, որպէսզի մուսալեռցիներս խորովածները պատրաստենք առանց քրտինքներու մէջ լողալու, եւ զանոնք, ծառերու հովասուն շուքին տակ համով-համով ճաշակենք, եւ այս բոլորին համար, շնորհակալ ենք:
Կ՛աղօթենք, մեր հայրենիքին, Ղարաբաղին, մեր քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներուն համար, որպէսզի անոնք իմաստուն կերպով ղեկավարեն մեր ազգային եւ կրօնական կեանքը: Աստուած, մի մոռնար նաեւ մեզ՝ մուսալեռցիներս, եւ Քու իմաստութենէն կաթիլ մը կաթեցուր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, որպէսզի մենք ալ իմաստութեամբ գործենք այս օտար ափերուն վրայ, ինչպէս ժամանակին միակամ Մուսա Լեռ բարձրացանք, միակամ կռուեցանք թուրք բանակներուն դէմ: