«Խ.ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՖՈՆՏ»Ի ՄՐՑԱՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Նոր Դուռ Ու Նոր Պատուհան՝
Սփիւռքահայ Երիտասարդութեան Դիմաց Բացուած
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Լիբանանի հայկական դպրոցները, իրենց տնօրէններով, ուսուցիչներով ու մանաւանդ աշակերտութեամբ, վերջին մի քանի ամիսներուն նոր աշխուժութիւն ապրեցան, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական հարցերուն գրասենեակէն հրաւէր ստացան մասնակցելու կրօնագիտական ու հայագիտական նիւթերու մրցանքի: Նոյն աշխուժութիւնը եւ խանդավառութիւնը ապրեցան նաեւ հայ երգի ու երաժշտութեան սիրահար այն երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնց համար հայ երգն ու երաժշտութիւնը նախընտրութեան խնդիր ըլլալէ աւելի, եղած էր կեանքի հեռանկար ու մնայուն երազ, որուն ճամբով ինքնարտայայտութեան միջոց կը փնտռէին:
Ս. Աթոռոյս ժողովական կառոյցներէն ներս բազմաթիւ տարիներ ծառայած ու Ազգային Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովին մէջ իբրեւ ատենապետ իր ներդրումը ունեցած հանգուցեալ Մեթր Խաչիկ Պապիկեանի թողօնով, կաթողիկոսարանիս հովանաւորութեան տակ հաստատուած իր անունով հիմնադրամը, հրատարակչական այլ հիմնադրամներու նման գործունէութիւն չունեցաւ, առաջի՛ն իսկ օրէն:
Սփիւռքը իր իւրայատուկ նշանակութեամբ, ու յատկապէս լիբանանահայութիւնը իր եզակի դերով կենդանի ու առողջ կը մնան, այնքան ատեն, որ անոնց երակներուն մէջէն կը հոսի հայու արիւնը, առանց թանձրանալու կամ լերդանալու օտարամուտ ազդեցութիւններով:
Հայապահպանումի ու Սփիւռքի կարեւորութիւնը շեշտելու նոյն այս նախանձախնդրութենէն մղուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի տնօրինումով, եւ հետեւելով «Խ. Պապիկեան Ֆոնտ»ի կանոնագրութեան, յատուկ ծրագիր մշակուեցաւ շուրջ մէկ տարի առաջ, Լիբանանի բոլոր դպրոցներու աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան համար կազմակերպել կրօնագիտութեան, հայոց պատմութեան, հայ լեզուի ու գրականութեան եւ հայ երգի մրցանք, որուն արդիւնքը նիւթական բարձր գնահատանքէն բացի, պիտի ըլլար Սփիւռքի աշխուժացումը, ու նոր սերունդի խանդավառութիւնը:
Ամիսներու վրայ երկարող աշխատանքով, կաթողիկոսարանիս հովանաւորութեան տակ գործող Կրթական մարմնի յատուկ յանձնախումբը, իր նշանակովի ենթայանձնախումբերով, վեհափառ հայրապետի անմիջական հսկողութեամբ, մրցանքի հարցարանները պատրաստեց: Սովորական քննութեան հարցարաններ չեղան, ըստ էութեան, պատրաստուած այդ հարցարանները: Սփիւռքի մէջ ծնած, սփիւռքի պայմաններուն մէջ ապրող, ու ամէն օր օտարամուտ ազդեցութիւններու ենթակայ նոր սերունդին ոտքերը, իր կրօնական, լեզուական ու մշակութային արմատներուն վրայ հաստատելու հեռանկարը ունեցող հարցարաններ էին անոնք:
Ի՞նչ պէտք է գիտնայ հայ նոր սերունդը իր հայրերու կրօնքին մասին: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ամբարելով՝ իբրեւ գիտութիւն ու բառապաշար, կրնայ հայ նոր սերունդը անխաթար պահպանել իր մայրենի լեզուն: Ինչպէ՞ս կարելի է անոր մէջ մշակութային մեր արժէքներու նկատմամբ սէրը արթնցնել՝ յատկապէս երաժշտութեան կալուածէն ներս անոր ականջները մաքրելով օտար աղմկալից երաժշտութենէ, ու բարձրացնելով անոր մէջ հայ բիւրեղ երաժշտութեան ճաշակը:
Ահաւասիկ հարցադրումներ, որոնք առաջնորդեցին Կրթական մարմինի անդամներն եւ անոնցմէ բխած ենթայանձնախումբերը, որպէսզի մրցանքը իր ճի՛շդ նպատակին ծառայէ, հեռու մնալով քարոզչութենէ, որ յաճախ ինքնախաբէութեամբ ալ կ՛աւարտի:
Կրօնագիտութեան, հայոց պատմութեան, հայ լեզուի ու գրականութեան, ինչպէս նաեւ հայ երգի նուիրուած մրցանքները, որոնք իրերայաջորդ հանգրուաններով տեղի ունեցան կաթողիկոսարանէս ներս, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ, ու Կրթական մարմնի ենթայանձնախումբերուն հսկողութեամբ ընթացան՝ լաւագոյն արդիւնքին հասնելու համար:
Սփիւռքը իր բազմակողմանի դժուարութիւններով ու ամէնօրեայ պայքարով, մնայուն մտահոգութիւն է Սփիւռքի մեծագոյն կառոյցին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. աթոռին համար: Արդէն դարերու վրայ տարածուած է Հայոց կաթողիկոսութեան սփիւռ-քեան փորձառութիւնը, Հայկական Կիլիկիայէն սկսեալ մինչեւ Անթիլիաս, որուն դերակատարութեան ուրացումը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, աններելի ու անքաւելի մահացու մեղք կը նկատուի: Եկեղեցական կեանքին ու հոգեւոր առաքելութեան հետ, կրթական, մշակութային, հրատարակչական, շինարարական, մարդասիրական ու խնամատարական բազմերես ծառայութիւնը մեր Ս. աթոռին, կը շարունակուի ամէն օր, Սփիւռքի ապահայացնող միջավայրի շնչառութեան հետ համաշունչ եւ բազկերակի տրոփին հետ համատրոփ: Սփիւռքի մասին գաղափար կրնայ ունենալ ու անոր մտահոգութիւնները կրնայ բաժնել միա՛յն ան, որ ծնած է Սփիւռքի մէջ, ու իր մորթին վրայ զգացած օտար երկինքի տակ ապրելու պարտադրուած պանդխտութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ոեւէ մէկուն կողմէ Սփիւռքահայութեան առաջնորդը ըլլալու չէ՛ հրաւիրուած իր ո՛ղջ պատմութեան ընթացքին, այլ բնական ընթացքով իրեն վստահուած է այդ առաքելութիւնը՝ իբրեւ Սփիւռքի բոլոր հատուածները եւ տագնապները իր վրայ կեդրոնացուցած հոգեւոր ու ազգային կառոյց:
«Խ. Պապիկեան Ֆոնտ»ի ճամբով կազմակերպուած այս մրցանքը, զգալի աշխուժութիւն յառաջացուց սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող լիբանանահայ գաղութէն ներս: Կաթողիկոսարանը եռուզեռի մէջ եղաւ անցնող երկու ամիսներուն: Հայկական վարժարաններու աշակերտներ եւ հայ երգի մրցանքին պատրաստուած հայ երիտասարդութիւնը Անթիլիաս եկան ո՛չ միայն իրենց կարողութիւնը, աստուածատուր շնորհքը ցոյց տալու, այլ մանաւանդ աւելի լա՛ւ սորվելու իրենց հայրերու կրօնքը, առանց դաւանական տարբերութեան, աւելի լա՛ւ խօսելու իրենց մայրենի լեզուն ու անոր անաղարտ պահպանման խոստումը տալու, եւ ի վերջոյ Անթիլիաս եկան՝ հայ երգը իր բո՛ւն ակունքէն ըմպելու եւ զայն իր բիւրեղ վիճակով ուրիշին ներկայացնելու ուղղութիւն ստանալու՝ մասնագէտներուն կողմէ:
Ինչ խանդավառութիւն, զոր սոյն մրցանքի նախապատրաստութիւնը ստեղծած էր, նոյնքան եւ աւելի՛ խանդավառութիւն ու քաջալերանք բերաւ մրցանակաբաշխութեան պահը:
Վեհափառ հայրապետը «Կիլիկիա» թանգարանի հանդիսասրահին մէջ իր գահուն բազմած՝ նախ ունկնդիր դարձաւ Կրթական մարմնի պատասխանատուներուն կատարած նշումներուն, որոնք բոլորն ալ կը վերաբերէին այն նոր փորձառութեան, զոր սոյն մրցանքը բերած էր սփիւռքահայութեան: Թերութիւններ եւ առաւելութիւններ իրարու յաջորդած էին՝ մէկ երեւոյթ միայն ընդգծելով՝ մասնակցութեան բա՛րձր ոգին, ու վեհափառ հայրապետին ուղղած հայրական հրաւէրին ընդառաջելու ամբողջակա՛ն պատրաստակամութիւնը:
Ժողովուրդի մը կենսունակութիւնը այլ կերպ կարելի չէ աւելի լաւ չափել, որքան իր գերագոյն ղեկավարին կոչին ընդառաջելու պատրաստակամութեամբ: Հայկական վարժարաններու տնօրէններ, հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներ, ծնողներ ու հայ երաժշտասէր երիտասարդութիւնը այս գիտակցութեամբ մասնակից դարձան «Խ. Պապիկեան Ֆոնտ»ի մրցանքին, որ իր առաջին փորձով իսկ նուաճեց բաղձալի յաջողութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան օրը, վեհափառ հայրապետին պատգամը, պաշտօնական խօսք ըլլալէ աւելի հայրական գնահատանք էր՝ ուղղուած գիտակից հայ նոր սերունդին, որուն մէջէն Սփիւռքի պայմանները չէին կրցած սրբել սէրը հանդէպ եկեղեցւոյ ու կրօնքին, հայոց պատմութեան ու հայ լեզուին, հայ մշակոյթին ու հայ երաժշտութեան: Արամ Ա. հայրապետը ինք եւս խանդավառուած մեր երիտասարդութեան ուրախութեամբ, յառաջիկային համար մրցանքին ծիրը ընդարձակելու խոստում տուաւ մեր ժողովուրդին՝ Սփիւռքի բոլոր գաղութները ներառելու մտածումը յայտնելով:
Առաջին փորձին այսքան յաջող ըլլալը տեսնելով՝ կարելի՞ է միթէ սոյն մրցանքը չշարունակել…: Սփիւռքահայութեան նոր աւանդութիւններէն մէկը պիտի դառնայ շուտով այս մրցանքը, որ բարի նախանձով շատեր պիտի անդամագրէ իրեն՝ նոր անձերու ալ առիթ տալով մրցանակակիր դառնալու «Խ. Պապիկեան Ֆոնտ»ի նիւթապէս ալ զգալի, քաջալերական մրցանակներուն:
Ահա նոր դուռ ու նոր պատուհան՝ սփիւռքահայ երիտասարդութեան դիմաց բացուած, իր եկեղեցւոյ ու անոր հոգեւոր պետին կողմէ: