ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կեանքը կ՛ընթանայ բնականոն իր կշռոյթով, առօրեայ սովորական ընթացքով: Հայ-ատրպեճանական սահմանի վրայ, սակայն, արտակարգ վիճակ պէտք է ըլլայ: Հայկական զօրքը, որ արդէն իսկ պարտաւորուած է մշտապէս մարտական բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ ըլլալ, առաւել արթուն ու զգօն պէտք է հսկէ սահմանը:
Ստուգելու համար հայկական ուժերու պատրաստուածութեան աստիճանը եւ բարձրացնելու համար բանակին կորովը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Արցախ մեկնեցաւ: Արցախ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեանը:
Ատրպէյճան, որ ճիշդ այս օրերուն լայնածաւալ զօրավարժութիւններու ձեռնարկած է, ամէն ճիգ կը թափէ բարոյալքելու ոչ միայն հայկական բանակը, այլ ընդհանրապէս հայ հասարակութիւնը: Ատրպեճանական բանակի վերջին գործողութիւնը եւ անոր յաջորդող քարոզչական արշաւը կը միտին քանդել հայկական բանակի անպարտելիութեան պատկերացումը: Արդարեւ, տասնվեց տարիներ առաջ հայկական ուժերուն դիմաց ամօթալի փոյթով փախչող ատրպեճանական բանակը կարիք ունի յաղթանակի փոքր իսկ նշոյլի մը, որպէսզի վերականգնէ իր ինքնավստահութիւնը:
Հայկական բանակն ու անոր հրամանատարութիւնը հաշուի պիտի առնեն այս պարագան, եւ իրենց պատասխան գործողութեամբ կամ գործողութիւններով, պէտք է կարգի հրաւիրեն ատրպեճանական բանակի ղեկավարութիւնը:
Դաս տալու եւ վրէժխնդիր ըլլալու տղայական վարքը չէ, անշուշտ, հայկական բանակի պատասխանատուներուն նպատակը, այլ՝ տարածաշրջանի կայունութեան երաշխիքը ամրապնդել, որուն ամէնէն մեծ գրաւականը հայոց Զինեալ ուժերու բարձրագոյն պատրաստուածութիւնն է, զոր ստուգել կ՛ուզէ թշնամին՝ Ատրպէյճանի արկածախնդիր իշխանութիւնը: