ԹՈՐՈՆԹՕ.- Հինգշաբթի, Յունիս 24ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ժամանեց Թորոնթօ, շարունակելու համար Մոնթրէալի առաջնորդանիստ քաղաքով սկսած հովուապետական իր այցելութիւնը:
Վեհափառին կ՛ընկերանային Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Թորոնթոյի օդակայանին մէջ, վեհափառը դիմաւորուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի, հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականութեան անդամներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու կողմէ: Պատուոյ սրահին մէջ կարճ դադարէ մը ետք, վեհափառը իր շքախումբով առաջնորդուեցաւ պանդոկ:
Երեկոյեան ժամը 8ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան ժողովրդային դիմաւորութիւն, «Հրաշափառ»ի թափօր ու կանոնական աղօթք, ինչպէս նաեւ աջահամբոյր: Եկեղեցւոյ շրջափակէն, «Ամպ հովանի»ին տակ կանգնած՝ նորին սրբութիւնը գլխաւորեց թափօրը, եւ հոգեւորականաց դասուն ու դպրաց խումբին առաջնորդութեամբ՝ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Կանոնական աղօթքէն ետք, առաջնորդ Խաժակ արքեպիսկոպոս ողջոյնի խօսք արտասանելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց վեհափառին այցելութեան առթիւ, յատկապէս յիշեցնելով ժողովուրդին, որ Արամ Ա. կաթողիկոս, միջազգային միջկրօնական հանդիպման մասնակցելու առաքելութեամբ Գանատա գալու նախօրեակին, չէր մերժած Գանատայի թեմին որդիական հրաւէրը՝ նոյն առիթով նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու թեմի ջերմ փափաքին ընդառաջելով:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը ուղղելով ներկայ հաւատացեալ բազմութեան՝ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդը կը տեսնէ խմբուած՝ իր հայ եկեղեցւոյ շուրջ, հայ դպրոցին շուրջ, հայութեան կեանքին հետ շաղախուած: Ան վեր առաւ կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու դպրոցին, ինչպէս նաեւ ազգային բոլոր կառոյցներուն, «որոնք հարստութիւնն են մեր կեանքին: Հայութեան կեանքի այս սիւները առողջ պէտք է պահենք՝ մեր մասնակցութեա՛մբ անոր կեանքին», ըսաւ ան:
Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Մեծ թէ փոքր, բոլոր հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան վեհափառին՝ ստանալով անոր օրհնութիւնը: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ եկեղեցւոյ կեանքին անմիջական շրջապատին մէջ գործող մարմիններուն ներկայութեամբ: Խօսք առին եկեղեցւոյ հովիւ հայր Մեղրիկը եւ Քէյմպրիճի հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Փանոսեանը: Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ նաեւ իրենց հարցումները ուղղելու վեհափառին, որ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ՝ մեր ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքը յուզող հարցերը համապարփակ քննարկումի ենթարկելով:
Յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուի վեհափառին հովուապետական այցելութիւնը հարաւային Օնթերիոյի հայութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.