Տ.Յ.Տ.
Հովաւանորութեամբ առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հովիւին ու Հոգաբարձութեան, Արեւմտեան թեմի Աստուածաշունչի Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու Հոգեգալստեան սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 23ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
Ներկայ էին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեան, Հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ, եւ թեմիս եկեղեցիներու հաւատացեալներ։
Բացման խօսքը կատարեց Գրիգոր Մըսրլեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն նպատակն է ծառայել Աստուծոյ, Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն։ Ապա փոխանցեց օրուան խորհուրդին իմաստը՝ բացատրելով Ս. Հոգւոյ գալուստը մեր Տիրոջ աշակերտներուն եւ հաւատացեալներուն վրայ, որոնք համախմբուած էին Վերնատան մէջ, Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն 10 օր ետք։ Այդ օրը հիմը դրուեցաւ Քրիստոսի Ս. եկեղեցիին։
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին համար, եւ հրաւիրեց Հրանդ քհնյ. Երէցեանը՝ սեղաններուն օրհնութիւնը կատարելու։ Տէր Հրանդ սրտին խօսքը փոխանցելով ներկաներուն՝ մեծապէս գնահատեց Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու նուիրական ծառայութիւնը մեր թեմի եկեղեցիներէն ներս, ապա շեշտեց Ս. Հոգւոյ գալստեան կարեւորութիւնը, որուն շնորհիւ, 2000 տարիներ առաջ հիմը դրուեցաւ «եկեղեցի»ին, որ մինչեւ օրս պայծառ կը մնայ Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ։
Ճաշէն անմիջապէս ետք, օրուան հանդիսավարուհի Արփինէ Կիտցինեան բոլորին բարի գալուստ մաղթելով՝ սկսաւ օրուան պատշաճ յայտագիրը։ Ան բացատրեց, թէ Յիսուս Քրիստոս քաջալերեց իր աշակերտները՝ յայտնելով, թէ իր Համբարձումէն ետք անոնք որբ ու մինակ պիտի չթողու, այլ մխիթարիչը Ս. Հոգին պիտի ղրկէ իրենց եւ իրենք զօրութիւն պիտի ստանան ու վկաներ պիտի ըլլան Երուսաղէմի, Հրէաստանի, Սամարիայի մէջ եւ աշխարհի բոլոր ծայրերը։
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները գեղեցիկ ձայներով երգեցին «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականը՝ հոգեկան գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին։
Հոգեգալստեան բաժինը՝ «Գործք Առաքելոց» գիրքի երկրորդ գլուխէն, հայերէնով կարդացին Շաքէ Սեդրակեան եւ Լուսաբեր Գապաքլեան, իսկ անգլերէնով՝ Զուարթ Մէրմէրեան։ Շարունակելով յայտագիրը՝ Սարգիս Տէրվիշեան արտասանեց բոլորիս ծանօթ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» խորհրդալից բանաստեղծութիւնը։
Նուարդ Պալըքճեան եւ Ագապի Եսայեան հայերէնով ու անգլերէնով կարդացին Պօղոս առաքեալի «Եփեսացւոց» նամակին 4րդ գլուխէն 11րդ եւ 12րդ համարները, ուր առաքեալը կը բացատրէ Ս. Հոգւոյ շնորհքներուն մասին՝ «Որպէսզի ոմանք առաքեալ ըլլան, ոմանք մարգարէ, ոմանք աւետարանիչ, ոմանք հովիւ եւ ուսուցանող»։
Սօսի Կապրիէլ եւ Նայիրի Գոճապապեան հայերէնով ու անգլերէնով գեղեցիկ ու տպաւորիչ կերպով կարդացին Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն Հոգեգալստեան տօնին առթիւ գրուած աղօթքը։
Յաջորդիւ, բժիշկ Յակոբ Տիգրանեան եւ Տէյվիտ Թըրնըր հայերէնով ու անգլերէնով բացատրեցին Ս. Հոգւոյ Աստուածութիւնը, պարգեւները եւ պտուղները՝ «Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն»։ Հոգեգալուստը Հին կտակարանին մէջ կը յիշուէր իբրեւ Պենտեկոստէի տօն։ Այդ տօնին հունձքի առաջին բերքի ընծայումը Տիրոջ համար է, ինչպէս յիշուած է Ղեւտացւոց Գիրքի 23րդ գլխուն մէջ։
Շարունակելով յայտագիրը՝ Նայիրի Մելքոնեան եւ Մարի Եաղմուրեան, Վարդուհի Թըրնըր եւ Ցոլակ Չիլինկըրեան հայերէնով եւ անգլերէնով կարդացին Պօղոս առաքեալի «Ա. Կորնթացւոց» նամակին 12րդ գլխուն 8-11 համարները, ուր առաքեալը կը բացատրէ Ս. Հոգւոյ պարգեւները՝ իմաստութեամբ յորդորելու, հոգեւոր գիտութեան հասնելու, ինչպէս նաեւ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւնը։
Ապա, Մարկօ Պազճանեան եւ Անահիտ Ներսէսեան երկլեզուանի կարդացին Պօղոս առաքեալի «Հռոմայեցւոց» նամակին 12րդ գլխուն 6-8 համարները՝ Աստուծոյ շնորհքներուն մասին։
Սարգիս Կենճեան դաշնամուրով յայտագիրին կը մասնակցէր հոգեւոր երգերով, հոգեկան ուրախութիւն պատճառելով բոլորին։
Յայտագիրի աւարտին, Հոգաբարձութեան կողմէ Իսահակ Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր յայտագրի բոլոր մասնակցողներուն եւ քաջալերեց որ այսպիսի հոգեւոր ձեռնարկներ շարունակ կազմակերպուին մեր գաղութներէն ներս, զօրացնելու մեր քրիստոնէական հաւատքը։
«Հայր Մեր»ով եւ ապա միասնական «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ այս գեղեցիկ սիրոյ ճաշը ու յայտագիրը։
Օրուան հասոյթը եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններու գումարը փոխանցուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, իբրեւ նուէր եկեղեցւոյ պայծառութեան։