ՄԱԿ.- ՀՅԴն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը բերած է ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, Յունիս 21-22ին տեղի ունեցած Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի ու Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն Մարիա Թիթիզլեանի կողքին, պատուիրակութեան մաս կը կամզէին ՀՅԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջաններէն ներկայացուցիչներ:
Ներկաներուն մէջ կային նաեւ Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու, Ֆրանսայի նախագահական նախկին թեկնածու Սեկոլեն Ռուայալ, Գանատայի Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ճեք Լէյթըն, Համահնդկաստան քոնկրես կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Տիկվիճայ Սինկ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը:
Նախքան խորհուրդին ժողովը, Թիթիզեան մասնակցած էր նաեւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներուն նուիրուած խորհրդաժողովի մը:
Խորհուրդի ժողովին քննարկուած գլխաւոր նիւթերն էին՝ համաշխարհային տնտեսութիւնը, կենսոլորտային փոփոխութիւնները, Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ ապազինման եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլելու հարցեր:
Շեշտուեցաւ համաշխարհային աւելի լաւ համակարգուած տնտեսութիւն մը մէջտեղ բերելու կարեւորութիւնը, որուն շուրջ քննարկումներ պէտք է տեղի ունենան Գանատայի մէջ կայանալիք «G20»ի գերաստիճանին:
Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին ու շրջանին վերջին իրադարձութեանց մասին իրենց կարծիքները ներկայացուցին Իսրայէլի նախկին վարչպետ Էհուտ Պարաք, «Մերեց» կուսակութենէն՝ Ավշալոմ Վիլան, պաղեստինեան «Ֆաթհ» կուսակցութենէն՝ Ամմար Հիճազի եւ Պաղեստինեան ազգային նախաձեռնութենէն՝ դոկտ. Մուսթաֆա Պարղութի: Հետաքրքրականօրէն, խօսք առնողներէն ոչ մէկը արտայայտուեցաւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, այլ շեշտուեցաւ տագնապին արդար լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը:
ՀՅԴն ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէուի հետ, քննելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով սկսած, սակայն ձախողած նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:
Թուրքիա այցելելու պատրաստուող Յունաստանի վարչապետին փոխանցուեցաւ, թէ ՀՅԴն նեցուկ կը կանգնի Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու քայլին, սակայն՝ առանց նախապայմաններու:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան ազգային նախաձեռնութենէն դոկտ. Մուսթաֆա Պարղութիի հետ, քննելով հայերու եւ պաղեստինցիներու դիմագրաւած դժուարութեանց նմանութիւնները եւ շեշտելով, թէ ՀՅԴն նեցուկ կը կանգնի պաղեստինեան արդար դատին:
ՀՅԴն ներկայացնող պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Շուէտէն, Աւստրալիայէն, Վրաստանէն, Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Կիպրոսէն ու քրտական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ, իսկ հանդիպումներէն ետք, Մարիօ Նալպանտեան ու Մարիա Թիթիզլեան այցելութիւն մը տուին ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի:
Յիշեցնենք, թէ 1907էն ի վեր Ընկերվար միջազգայնականին հետ գործակցող ՀՅԴն, 2003ին դարձեալ անոր լիիրաւ անդամ դարձաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.