ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 23ին, երեկոյեան 8ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Խաչատուրեանի «Ցաւի Գոյնը» Եղեռնի անդրադարձը հայ նկարչութեան մէջ գիրքին ներկայացումը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հատորին հեղինակը:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Suite 102, Glendale, CA 91205: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.