ՕՇ, Ղրղզստան, «Ռոյթըրզ».- Հարաւային Ղրղզստանի մէջ ծագած միջցեղային բախումներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Ուրբաթ, Յունիս 18ին, շրջանը այցելած երկրին ժամանակաւոր նախագահ Ռոզա Օթունպայեւա յայտարարեց, թէ ցարդ հրապարակուած զոհերուն պաշտօնական թիւին (223) գրեթէ տասնապատիկն է զոհերուն իսկական թիւը, միաժամանակ խոստանալով կարելի եղածին չափ արագօրէն կայունութիւնը վերահաստատել շրջանին մէջ, որպէսզի Յունիս 27ին նախատեսուած սահմանադրական հանրաքուէն տեղի ունենայ որոշուած ժամանակին: Մարդասիրական կազմակերպութեանց համաձայն, աւելի քան 400,000 քաղաքացիներ տեղահան եղած են բախումներուն հետեւանքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.