ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Մարդ արարածը յաճախ կը կարծէ, թէ կարիքն ունի կեղծ դիմակներ հագուելու փոփոխակի գործողութեան, որ իրեն կարող կը դարձնէ «հանգիստ» ապրելու միջավայրի մը մէջ, որ կը սնանի կեղծիքով, տգեղ գովասացութիւններով եւ յարատեւ սուտով, հագուելով յարմար դիմակը իւրաքանչիւր առիթի, ծածկելու համար իր իսկական բնութիւնը ըլլալով առօրեայ կեանքէն մաս մը:
Պարագաներու մէջ կան ժամանակներ, որոնց փորձարականօրէն շատ դժուար է դիմագրաւել, որոնց մենք կը հակազդենք դիմակներ հագուելով, կամ սիրուն պատկեր մը ներկելով մեզի համար եւ ինչո՞ւ չէ… ուրիշներուն համար: Իսկապէս որ ասիկա վախազդու մակերես մըն է: Երբեմն տարիներ կ՛անցնին նախքան մենք սկսինք ճանչնալու թէ մեր կեանքը, հաւատքը եւ տրամադրութիւնը ապականած են նիւթերով, մեր մեղաւոր հոգին՝ որուն վրայ կը փորձենք ներկել: Ներկի խաւերը կը սկսին մրոտիլ եւ նեխիլ, ապա կը դիտենք մենք մեր անձերը եւ կը տեսնենք, որ անոնք անճանաչելի դարձած են:
Զոր օրինակ, արդեօք մենք միշտ պէտք չե՞նք զգար ցաւ եւ վիշտ կեղծելու մեռեալի մը յուղարկաւորութեան ընթացքին, մանաւանդ երբ զօրաւոր կապ մը չ՛ըլլայ մահացողին հետ: Կամ կեղծ դիմակ չե՞նք հագուիր պաշտպանելու մենք զմեզ վիրաւորուելէ եւ կամ ուրիշներու կողմէ մերժուելէ: Կեղծ դիմակ չե՞նք հագուիր արդեօք, երբ կը բամբասենք հարազատ մը կամ մտերիմ ընկեր մը, եւ երբ տեսնենք զայն՝ «սիրալիր կ՛ողջագուրուինք», իբրեւ թէ մենք չէինք բամբասող անձերը: Արդեօք ասոնք կեղծ դիմակներ չե՞ն, որոնք մաս կը կազմեն մեր ապրելակերպին, եւ որոնցմէ չենք կրնար ձերբազատուիլ՝ ապրելու համար առանց տառապանքի, այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ ճշմարիտ չէ եւ հաւատարիմ չէ իր զգացումները բացայայտօրէն արտայայտելու: Այս ձեւով կը ձգենք որ մեր դիմակը կամ կեղծ անձը կառավարէ մեր կեանքը:
Եթէ ճշմարիտ չըլլանք մենք մեր անձերուն հետ, ապա ուրեմն մենք կ՛ուրանանք մեր արտայայտութիւնը, մեր հոգին, նաեւ կ՛ուրանանք այն լոյսը, զոր կը բերենք աշխարհին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ոչ միայն պէտք է յայտնաբերէ եւ ընդունի իր եզակի յատկութիւնները, այլ պէտք է բաժնեկցի զանոնք այլոց հետ: Այ՛ս է դարմանումը, երբ մենք կը դպչինք իրարու սրտերուն:
Սակայն ցաւալիօրէն վերոյիշեալ դիմակները եղած են պիտանի թթուածինը կեանքի յարատեւման: Եղած են մեր առօրեայ կեանքի պէտքերը, առանց որոնց չենք կրնար ապրիլ: Եւ աւելի ցաւալին այն է, որ այս «փորձառութիւն»ը սկսած են մարդիկ փոխանցելու իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն՝ սեպելով զանոնք բարքեր եւ սովորութիւններ:
Պէտք է սորվիլ «ո»չ ըսել եւ չվախնալ ընկերային մեկուսացումէ կամ առանց շրջանակի ու համայնքի ապրելէ: Չձգել որ մեր դիմակները խեղդեն մեր ներքին լոյսը, այլ՝ գործածենք զանոնք ստեղծելու ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն: