ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի ընթերցողներու հետաքրքրութեանց դաշտը վստահ եմ, որ բաւական լայն է:
Մենք ամէն ճիգ կը թափենք՝ գոհացնելու համար ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը՝ հաւաքելով ու անոնց տրամադրելով տեղեկութիւններ ու տուեալներ, որոնց շարքին՝ վիճակագրական զեկոյցներէ առնուած թիւեր:
Ի՞նչ թիւեր կը կարծենք, որ անպայման կը հետաքրքրեն «Ասպարէզ»ի ընթերցողը.
Հայաստանի բնակչութեան թիւը,
Ծնունդներու թիւը. տարեկան, նոյնիսկ ամսական՝ այս թիւի բաղդատութիւնը նախորդ տարիներու կամ ամիսներու հետ,
Սփիւռքի հայկական գաղութներու կազմուածքը բացայայտող թիւեր,
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ միջնակարգ վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներու, ինչպէս նաեւ համալսարան յաճախողներու ու աւարտողներու թիւեր,
Կրթական օճախներու թիւ,
Հայաստանի մէջ միջին աշխատավարձը,
Հայաստանի պետական պիւտճէն, զայն գոյացնող հարկերը,
Սեւանայ լիճի մակարդակը, բարձրանալը կամ նուազիլը,
Զբօսաշրջիկներու թիւը,
Արտագաղթողներու (կամ մեծ յոյսով) ներգաղթողներու թիւը,
Թոշակառուներու, պետական նպաստ ստացողներու թիւը,
Դէպի Հայաստան փոխանցուած գումարները,
Միջազգային օժանդակութեան ճամբով Հայաստանի տրուած գումարները,
Գիւղատնտեսական արտադրութեան վերաբերող թիւեր. հնձուած ցորեն, գարի, քաղուած խաղող, ծիրան, հաւաքուած գետնախնձոր, այս բոլորը՝ թոներով:
Հետաքրքրական է գիտնալ, նոյնիսկ, քանի՞ նոր թրաքթոր կամ ցորեն հնձող մեքենայ կը ներածուի Հայաստան:
Տնտեսական սուղ պայմաններու պատճառով, Հայաստանի գիւղացիները ստիպուած են իրենց գիւղատնտեսական աշխատանքը կատարել հինցած սարքերով ու մեքենաներով: Մաշած, հնձող հին մեքենաները իրենց գործը մեծ կորուստներով կը կատարեն: Միջին հաշիւով, մաշած մեքենան (քոմպայն) 25-30 տոկոս կորուստով կը հնձէ ցորենը: Հսկայական կորուստ է ասիկա: Երեւակայեցէք, ուրեմն, թէ որքան կը հրճուինք, երբ Հայաստան կը ներածուի հնձող 60 կամ 100 նոր մեքենայ:
Ուրիշ ի՞նչ թիւեր: Դուք աւելցուցէք, մեզ ալ տեղեակ պահեցէք: