
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Յունիս 11ին սկսած է Ընկերվար միջազգայնականի (Սոցինթերն)՝ ԱՊՀի, Կովկասի եւ Սեւ ծովի յանձնախումբի երկօրեայ ժողովը: ՀՅԴի կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին կը մասնակցին ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Պելոռուսէն, Մոլտովայէն, Յունաստանէն, Հունգարիայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Շուէտէն եւ Պաղեստինէն:
Վրաստանի ճանապարհով Հայաստան ժամանող Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը առաջին օրը չէր հասած ժողովին։
Յանձնախումբի համանախագահներն են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեանը եւ Հունգարիայէն Ալեքսանդրա Տոպոլի:
Ժողովին ներկայ էր եւ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը (ելոյթի ամբողջական բնագիրը տես էջ 2ի վրայ):
Նոյն օրը կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան նշած է, թէ ասիկա հերթական հաւաք է, որ, սակայն, Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ։ Ըստ իրեն, ժողովի ընթացքին պիտի անդրադառնան տարածաշրջաններուն մէջ յառաջացած ընկերվարական շարժման խնդիրներուն, պիտի ներկայացուին հաշուետուութիւններ՝ տարբեր երկիրներու մէջ տիրող ընկերվարական վիճակին մասին:
Նաեւ, առանձին անդրադարձ պիտի կատարուի Կովկասի մէջ առկայ խնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ հակամարտութիւններու լուծման հետ կապուած հարցերուն. պիտի խօսուի նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներու եւ միջ-կուսակցական խնդիրներու մասին: ՀՅԴ ներկայացուցիչը դրական գնահատական տուած է ժողովին Ատրպէյճանի մասնակցութեան՝ նշելով, որ այդպիսով հնարաւոր պիտի ըլլայ երկխօսութիւն իրականացնել Ատրպէյճանի հետ, ընկերվարութեան արժեհամակարգի հիման վրայ գտնել իրարու հետ շփուելու հարթութիւն եւ մտածել, թէ միասնաբար ինչպէ՞ս կարելի է նպաստել ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման:
«Սա այս մակարդակով առաջին շփումն է լինելու ատրպէյճանցիների հետ: Մենք կ՛անենք առաւելագոյնը նրանց հետ շփումները աքթիւացնելու ուղղութեամբ եւ կը մշակենք համատեղ համագործակցութեան ծրագրեր», ըսած է Ա. Ռուստամեան:
Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, Արդար Ռուսաստան կուսակցութեան անդամ Թաթիանա Մոսկալկովա նոյնպէս կարեւոր համարած է հաւաքը՝ նշելով, որ անիկա կը նպաստէ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ երկխօսութեան ծաւալման: Անոր համոզումով, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը ամէն ինչ կ՛ընէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար: «Շատ կ՛ուզեմ, որ մենք այսօր ճիշդ դեղատոմսեր գտնենք ու առաջարկենք երկիրներուն՝ հակամարտութիւնները խաղաղ ճանապարհով հարթել», ըսած է Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
Մ. Նալբանդեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ժողովի երկրորդ օրը, յանձնախումբը պիտի ընդունի յայտարարութիւն մը, ըստ որուն կ՛անդրադառնայ առանձին տարածաշրջաններու եւ երկիրներու հետ կապուած հարցերուն, որոնք պիտի ըլլան «Սոցինթերն»ի գնահատականը՝ երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակներուն մասին, եւ անոր աջակցութիւնը՝ այդ խնդիրներու լուծման գործին:
Նշենք, որ Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ 170 կուսակցութիւն եւ կազմակերպութիւն՝ բոլոր մայրցամաքներէն: