ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը Երեքշաբթի, Յունիս 8ին յայտարարեց, որ կ՛ընդունի Եգիպտոսի հետ Ռաֆահի անցը եւ Կազայի նաւահանգիստ ուղղուող նաւերը իր հսկողութեան տակ առնելու Եւրոպական Միութեան առաջարկը։
«Համաս»ի բանբեր Ֆաուզի Պարհում յայտարարեց, որ «Համաս» միջազգային նման ուժի մը ներկայութեան դէմ չէ, պայմանաւ, որ անոնց աշխատանքներուն մէջ Իսրայէլի կողմէ որեւէ միջամտութիւն չըլլայ: Ան շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդը իրաւունք ունի իսրայէլեան որեւէ միջամտութենէ զուրկ նաւահանգիստ ունենալու։
Նշենք, որ «Համաս» մերժած էր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի այն առաջարկը, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մարտանաւերը կրնան ընկերակցիլ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.