ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը Երեքշաբթի, Յունիս 8ի թիւի արուեստներու բաժնին առաջին էջով անդրադարձած է Արշիլ Կորքիի ստեղծագործութեանց նուիրուած՝ «Արշիլ Կորքի՝ յետադարձ ակնարկ» ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 6ին, Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:

Յօդուածագիր Քրիսթոֆըր Նայթը կու տայ Կորքիի հակիրճ կենսագրականը՝ խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով Կորքիի կրած կորուստներուն մասին, ապա կը գրէ ամերիկեան եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ Կորքիի որոշիչ դերակատարութեան, անոր ազդեցութեանց եւ հետեւորդներուն մասին:
Յօդուածագիրը ցուցահանդէսը կը նկատէ 1981ին «Կուկընհայմ»ի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսէն ի վեր՝ Կորքիի գործերուն նուիրուած ամենաամբողջականը, եւ կը շեշտէ, թէ պէտք չէ փախցնել զայն, յատկապէս, որովհետեւ միջանկեալ տարիներուն շատ նոր բացայայտումներով հարստացած է Կորքիի կեանքին եւ արուեստին պատմութիւնը:
Մատնանշելով, թէ ցուցադրուած են Կորքիի 73 նկարչութիւնները, 49 գծագրութիւնները եւ երեք փոքր արձանիկներ՝ ան ցուցահանդէսին կարեւորագոյն իրագործումը կը նկատէ երեք անջատ սենեակներու մէջ ցուցադրուած գործերը:
Անոնցմէ առաջինն է «Արուեստագէտը եւ իր մայրը» հանրածանօթ գործին նուիրուած սենեակը, ուր ցուցադրուած են գործէն երկու օրինակներ եւ անոր նախապատրաստական աշխատանքներուն մաս կազմած գծագրութիւններ:
Քրիսթոֆըր Նայթ ցաւ կը յայտնէ, որ երկրորդ սենեակը իր ամբողջական վիճակին մէջ կարելի չէր եղած ներկայացնել Լոս Անճելըսի մէջ, որովհետեւ Կորքիի գլուխ գործոցը նկատուող «The Liver is the Cocks Comb»ին (1944) սեփականատէրը՝ Պաքըլոյի (Նիւ Եորք) «Ալպրայթ Նաքս» արուեստի ցուցադրասրահը ընդունած է զայն տրամադրել միայն Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանին, որ սոյն ցուցահանդէսի գլխաւոր կազմակերպիչն է: Հոս, երկրորդ սենեակին մէջ սակայն, ցուցադրուած է Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին պատկանող այդ գործին մէկ նախնական օրինակը:
Երրորդ կարեւոր սենեակը յատկացուած է «Betrothal» շարքին, որոնցմէ առաջինը Լոս Անճելըսի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մնայուն հաւաքածոյին մաս կը կազմէ:
Յայտնենք, թէ ցուցահանդէսը Ֆիլատելֆիայէն ետք ցուցադրուեցաւ նաեւ Լոնտոնի «Թէյթ» թանգարանին մէջ, Լոս Անճելըս ժամանելէ առաջ:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 20: Թանգարանին հասցէն է՝ 250 S. Grand Ave., Los Angeles, CA 90012, իսկ հեռաձայնի թիւը՝ (213) 626-6222:
Թանգարանը փակ է Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը, իսկ Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը բաց է կ.ա. ժամը 11էն կ.ե. ժամը 5, Հինգշաբթի օր՝ կ.ա. ժամը 11էն երեկոյեան ժամը 8, իսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը՝ կ.ա. ժամը 11էն երեկոյեան ժամը 6: Թանգարանը փակ է նաեւ Յուլիս 4ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել թանգարանի համացանցային կայքը՝ www.moca.org: