ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ծրագրաւորուած աշխատանքները միշտ ալ յաջողութեամբ պսակուած են, առաւելագոյն արդիւնքը արձանագրելով: Յատկապէս միութենական կեանքի մէջ շատ կարեւոր է Ռազմավարական ծրագրումը, ճշդելու համար անոր ուղեգիծը եւ առաւելագոյն միջոցներով իրականացնելու՝ հետապնդուած նպատակները:

Այս սկզբունքով է, որ Կեդրոնական վարչութիւնը նշանակած է Ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ եղբայրներէ.- Արմէն Աբրահամեան (ատենապետ), Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան, դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան, Վիգէն Դաւիթեան, Արամ Սիսեռեան, Արտօ Աճէմեան եւ Գէորգ Մանկլեան: Յանձնախումբի մօտ Կեդրոնական վարչութեան կապն է փոխ ատենապետ Գօգօ Պալեան:
Ռազմավարական ծրագրումի ծիրէն ներս, յանձնախումբը աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի ՀՄԸՄի ներկայ իրավիճակը քննելու եւ գէթ ապագայ տասնամեակի ուղեգիծը ճշդելու: Երկու տարիներու արդիւնաւէտ աշխատանքէն ետք, Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց եռօրեայ համագումար մը, որպէսզի քննէ եւ իր արժեւորումը կատարէ ակնարկուած աշխատանքին:
Համագումարը տեղի ունեցաւ 16-18 Ապրիլ 2010ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կեդրոնին մէջ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի շրջաններու Ռազմավարական ծրագրումի պատասխանատու ներկայացուցիչներուն, որոնք ժամանած էին ՀՄԸՄի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ Պարսկաստանի շրջաններէն:
Համագումարին, հեռախորհրդակցական միջոցով (Skype) հետեւեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Օշին Փիրումեան եւ Եւրասիոյ Շրջանային Սկաուտական յանձնախումբի (Eurasia Regional Scout Committee) ատենապետ Բագրատ Եսայեան:
Համագումարը սկիզբ առաւ Ուրբաթ, 16 Ապրիլի երեկոյեան: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց փոխ ատենապետ Գօգօ Պալեան, որ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, որոնք իրենց սուղ ժամանակը տրամադրելով, հեռաւոր շրջաններէն մէկտեղուած էին «ՀՄԸՄի շրջաններու ռազմավարական ծրագրումի երկամեայ իրենց աշխատանքները ներկայացնելու, ՀՄԸՄի ընդհանուր աշխատանքային դժուարութիւններուն լուծումներ տալու եւ ընդհանուր ուղղութիւններ ստանալու»:
Համագումարին մասնակցեցաւ նաեւ Թեհրանի հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւնը (ՀՄԱԿ), յանձինս Էդուին Նաճարեանի, որ բարձր գնահատելով կազմակերպուած համագումարը, ՀՄԱԿի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար, ընդգծեց կարեւորութիւնը նման համագումարներու կազմակերպման եւ յոյս յայտնեց, որ նման միացեալ աշխատանքները կը շարունակուին:
Այնուհետեւ համագումարը սկսաւ դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեանի «Սփիւռքեան Իրականութիւններ» նիւթի ներկայացումով: Եղբայրը առաջին հերթին բացատրեց Սփիւռքի համակարգը եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու հասկացողութիւնը: Ապա, զրոյցի ձեւով շարունակելով իր նիւթի ներկայացումը, անդարադարձաւ Սփիւռքի պատմական հոլովոյթին՝ ցեղասպանութենէն ետք, սփիւռքեան գաղութներու հաստատման եւ կազմաւորման, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան, հայրենամերձ եւ հեռակայ գաղութներու հոլովոյթին, Սփիւռքի ներկային եւ մեր հասկացողութիւնը, անկախ Հայաստան եւ Սփիւռքի հետ ունեցած մեր կապերուն մասին: Ռ. Շիրինեան իր ընդգծումներուն մէջ ներգրաւեց ներկաները օգտակար տեսակէտներ քաղելով անոնցմէ:
Օրուան երկրորդ նիւթը «Ռազմավարական Ծրագրումը ՀՄԸՄի համար» ներկայացուց տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան, որ առաջին հերթին բացատրելով ՀՄԸՄի համար Ռազմավարական ծրագրումի կարեւորութիւնը, անոր իրականացման համար անհրաժեշտ գտաւ ՀՄԸՄի շրջապատի քննարկումը, գաղութային փոփոխութիւններուն մասին տեղեկանալը, գաղութներու մարդկային ոյժի մակարդակը, հայ լեզուի գործածութեան հարցը, աշխատանքային յատուկ քննարկումներու նախաձեռնումն ու նիւթականի ծրագրաւորումը եւ թափանցիկ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Եղբայրը եւս իր մատնանշումներուն բաժնեկից դարձուց ներկաները:
Խիստ շահեկան այս զոյգ դասախօսութիւններէն ետք, յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Աբրահամեան ներկայացուց ՀՄԸՄի ներկայ իրավիճակը համաշխարհային մակարդակի վրայ: Ան ժողովականներուն ներկայացուց ՀՄԸՄի բոլոր շրջաններու, մեկուսիներու եւ մասնաճիւղերրու անցեալի եւ ներկայի պատկերը, արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները, դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները: Եղբօր ուսումնասիրութիւնները եւ բացայայտուած ախտաճանաչումները կատարուած էին շրջաններու եւ մասնաճիւղերուն յղուած հարցարաններու պատասխաններէն, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի յօդուածներէն, ՀՄԸՄի անցեալի Ընդհանուր ժողովներու արձանագրութիւններէն, հեռաձայնային եւ այլ հաղորդակցութեան կապերով:
Կատարուած ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ, ժողովականները լայնօրէն անդրադարձան միջոցներու մասին, որոնք ՀՄԸՄը առաւել հետաքրքրական ու քաշողական կրնան դարձնել հայկական գաղութներէն ներս, ընդգծեցին հայ լեզուի եւ հայրենասիրութեան ոգին սկաուտական եւ մարզական շարքերէն ներս առաւել հզօրացնելու, աշխատանքային արհեստավարժ միջոցներ որդեգրելու եւ երիտասարդութիւնը ղեկավարութեան առաջնորդելու, ինչպէս նաեւ զանոնք հայրենիքի հետ առնչելու կարեւոր եւ գրաւիչ միջոցներու մասին:
Ընդգծուեցաւ յատուկ աշխատանք տանիլ ոչ հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութիւնը ընդգրկելու ՀՄԸՄի եւ ընդհանրապէս հայկական շրջանակներէն ներս: Խիստ կարեւոր գտնուեցաւ նաեւ համագործակցութեան ստեղծումը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի գործունէութեան ընդարձակումը հայրենիքի մէջ:
Առաջին օրուան արդիւնաւէտ աշխատանքներէն ետք Շաբաթ, 17 Ապրիլի ամբողջ օրը, մասնակիցները բաժնուեցան երկու խումբերու եւ մանրամասնօրէն քննեցին համաշխարհային հասկացողութեամբ ՀՄԸՄի զօրութիւնները, տկարութիւնները, պատեհութիւններն ու մարտահրաւէրները հետեւեալ կարեւոր մարզերէն ներս.
* Հայերէն լեզուի սահուն խօսակցութեան,
* Մարզական ծրագիրներու,
* Հայ երիտասարդութիւնը գրաւելու,
* Սփիւռքի մէջ տարածուելու,
* Տնտեսական ծրագիրներու,
* ՀՄԸՄը Հայաստանի մէջ,
* Ղեկավարման կառոյցը,
* Անդամակցութեան պահպանման,
* Միութենական կառոյցի,
* Քարոզչութիւն
* Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութիւն,
* Սկաուտական ծրագիրներ,
* Գործակցութիւն այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ,
* Արդի միջոցներու որդեգրում,
* Արհեստավարժներու օգտագործում,
* Կամաւոր աշխատանքի
Արդիւնաւէտ օրուան աշխատանքներէն ետք, մասնակիցները խրախճանք-ընթրիք մը ունեցան Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, որու ընթացքին առաւել մտերմացան եւ շրջաններու ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրարու:
Կիրակի, 18 Ապրիլի առաւօտեան, համագումարի մասնակիցները ընդգծելով ՀՄԸՄի ապագայ տեսլականի կարեւորութիւնը, եզրափակեցին ՀՄԸՄի հզօրացման նպաստող խմբակային ուսումնասիրութիւնները եւ ներկայացուցին իրենց ախտաճանաչումները եւ ՀՄԸՄը երիտասարդութեամբ հզօրացնելու իրենց առաջարկութիւնները: Համագործակցութեան հեռանկարով, մասնակիցները օգտակար համարեցին ընդհանրական համացանցի մը ստեղծումը, որպէսզի բոլոր ՀՄԸՄականները կարենան օգտագործել զայն:
Համագումարը վերջ գտաւ նոյն օրը կէսօրին: Յանձնախումբի անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ Արմէն Աբրահամեան, որ շնորհաւորելով ներկաներու հետաքրքրութիւնն ու օգտակար ներդրումը համագումարի ընթացքին՝ վստահեցուց, որ համագործակցութեամբ կարելի է յանձնախումբի ցարդ առած նախնական քայլերը զարգացնել եւ իր նպատակակէտին հասցնել:
«Դրական մեծ քայլ առնուեցաւ այս հանդիպումով, որ իր օգտակար անդրադարձը պիտի ունենայ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ: Միասնաբար, լուրջ հետեւողականութեամբ եւ համաշխարհային մակարդակով մենք պիտի կարենանք մեր հարցերը լուծել», ընդգծեց Աբրահամեան:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց շրջաններու Ռազմավարական ծրագրումի ներկայացուցիչներուն, իրենց մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին, իր յարատեւ եւ համոզուած աշխատանքին համար: «Իբրեւ իրաւ ՀՄԸՄականներ, դուք կրցաք ձեր մտահոգութիւնները փոխանցել եւ ՀՄԸՄի ապագայ տեսլականի կարեւորութիւնը մատնանշելով, անոնց լուծումներ գտնելու որոնումները կատարեցիք: Յաջող առաջին քայլը առիք, սակայն տուն վերադառնալէ ետք տակաւին մեծ գործ ունիք կատարելիք: Նոյն ոգիով շաարունակեցէք ձեր միութենական պարտականութիւնները եւ ՀՄԸՄի առողջ սերունդներ դաստիարակելով հզօրացուցէք այս հսկայ կազմակերպութիւնը», եզրակացուց եղբայրը:
Համագումարը վերջ գտաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Միասնական ճաշ մը կատարելէ ետք, մասնակիցները հեռացան կեդրոնէն, ՀՄԸՄին հաւատարիմ մնալու եւ անոր շարքերը հզօրացնելու հաստատակամութեամբ: