ՋԱՒԱԽՔ.- 2010 Մայիս 30ին, Վրաստանի մէջ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւնները անցած են ջաւախքահայութեան կողմէ անոնց փաստացի պոյքոթի ենթարկելու պայմաններով: Թէեւ, ըստ æաւախքի կարգ մը պաշտօնական տուեալներուն, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի շրջաններուն մէջ արձանագրուած է համապատասխանաբար 70 տոկոս եւ 75 տոկոս ընտրողներու մասնակցութիւն, սակայն տեղական եւ միջազգային դիտորդներու կարծիքով, իրական մասնակցութիւնը չէ գերազանցած 15 տոկոսը: Կեղծուած ընտրութիւններու արդիւնքները չճանչնալու մասին յայտարարած են հայութեան իրաւունքները պաշտպանող ջաւախքեան ուժերը:
Ըստ «Երկիր» միութեան տուած հաղորդագրութեան, չմասնակցելով ընտրութիւններուն՝ ջաւախքահայութիւնը իր կեցուածքը արտայայտած է վրացական իշխանութիւններուն կողմէ վերջին տարիներուն æաւախքի մէջ իրականացուող բռնաճնշումներու քաղաքականութեան նկատմամբ. ըստ հաղորդագրութեան, քաղաքականութեան հիմնական տարրեն են՝
– Շինծու մեղադրանքներու հիման վրայ ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի տասը տարուան ազատազրկման դատապարտումը, ջաւախքահայ աքթիւիսթներու ապօրինի հետապնդումները.
– Վրացական ուժային կառոյցներու կողմէն æաւախքի հասարակական-քաղաքական կեանքի փաստացի վերահսկումն ու ուղղորդումը.
– æաւախքահայութեան իրաւունքները պաշտպանող տեղական քաղաքական կազմակերպութիւններու գրանցման մերժումը.
– Ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան միջազգային նորմերով երաշխաւորուած ջաւախքահայութեան հասարակական-քաղաքական, լեզուա-կրթական, մշակութային եւ կրօնական իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումը:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, æաւախքի մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծելով՝ վրացական իշխանութիւնները աւելի խորացուցած են ջաւախքահայութեան օտարումը Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն, աւելի մեծցուցած են իրենց եւ ջաւախքահայութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անըմբռնողութեան անջրպետը:
«Սա անկանխատեսելի հետեւանքներով յղի այն իրավիճակն է, որի մասին բազմիցս ահազանգել է «Երկիր» միութիւնը: Կազմակերպութեան ահազանգների նկատմամբ միջազգային կառոյցների, ԱՄՆ եւ Եւրամիութեան համապատասխան մարմինների ցուցաբերած ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը, սակայն, դեռեւս չի յանգեցրել իրավիճակի շտկմանն ուղղուած կոնկրետ եւ գործուն քայլերի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, ըստ որուն, ջաւախքահայութեան տարրական իրաւունքներու, տուեալ պարագային, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ազատ եւ արդար ներկայացուած ըլլալու իրաւունքի, կոպիտ ոտնահարման այս փաստի պայմաններուն մէջ՝ Վրաստանի գործընկեր-պետութիւններուն կողմէ ցուցաբերուող անգործութիւնը, միմիայն կը խորացնէ ժողովրդավարական արժէքներու եւ ընթացակարգերու նկատմամբ երկրի հայ համայնքի հիասթափութիւնը, որ կը յանգեցնէ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի գործընթացներու յետագայ ուժեղացման» նշուած է «Երկիր» միութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.