ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 8 Մայիս 2010ի յետմիջօրէին, բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն, պատուոյ նախագահութեամբ Ճորճ Ժամկոչեանի:
Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կից գտնուող խաչքարին մօտ, յատուկ արարողութեամբ օրհնուեցաւ Նաւասարդեան փոքր ջահը եւ ապա՝ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը ներկայացնող խումբ մը մարզիկ-մարզիկուհիներու կողմէ ձեռամբարձ փոխանցուեցաւ Վան Նայսի Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի գլխաւոր մարզադաշտը, ուր սկիզբ առին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերը:
Շրջանի հայկական իրականութեան մէջ, Նաւասարդեան մարզախաղերը արդէն իսկ իրենց իւրայատուկ տեղը ունին, որոնց անհամբերութեամբ կը սպասէ ոչ միայն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը, այլ նաեւ՝ շրջանի համայն հայութիւնը: Այս մարզախաղերն են, որոնք 35 տարիներ շարունակ հպարտառիթ անմոռանալի պահեր ընծայած եւ անկասկած պիտի շարունակեն ընծայել շրջանի հայութեան: Բնական է այս բոլորը առաջին հերթին ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անդամ քոյր-եղբայրներու միութեան հանդէպ ունեցած զօրաւոր հաւատքին եւ ապա՝ այդ հաւատքը անոնց մէջ արթուն պահող ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի ղակավարութեանց, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու նուիրական աշխատանքներու եւ զոհողութեանց արդիւնքն են:
Զոհաբերութեան այդ ոգին է, որ ՀՄԸՄի շուրջ համախմբած է մեր բիւրաւոր նուիրատուները, բարերարները, հովանաւորները, ծնողներն ու համակիրները, որոնց հանդէպ միշտ ալ երախտապարտ եղած են ՀՄԸՄի ղեկավար Մարմինները:
Մարզական մրցումներուն առընթեր, Նաւասարդեան Մարզախաղերու առիթով կը կազմակերպուին նաեւ յաղթանակի պարահանդէսներ, չորսօրեայ փառատօներ եւ փակման շքեղ հանդիսութիւններ: Այսպիսով, շրջանի հայութիւնը գեղեցիկ առիթը կ՛ունենայ վերապրելու հայոց պատմութեան անցեալի փառայեղ օրերը եւ յատկապէս հայոց Նաւասարդի տօնը՝ հին նոր տարին:
ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը կը կազմակերպուի յատուկ յանձնախումբով, որուն այս տարուան պատասխանատու նշանակուած է Շրջ. Վարչութեան անդամ Վարդգէս Շխրտըմեանը:
Նաւասարդեանի գլխաւոր առանցքը մարզական մրցումներն են, որոնք կը կազմակերպուին Շրջանային Մարզական խորհուրդներու կողմէ, որուն անդամ-անդամուհիները անսահման ժամեր կամաւոր կերպով տրամադրելով՝ մարզական հազարաւոր մրցումներ կը կազմակերպեն:
35րդ Նաւասարդեան այս մարզախաղերու կազմակերպումը այս տարի վստահուած է Շրջանային Մարզական Խորհուրդի հետեւեալ կազմին.-
* Գուինթ Չէմնիթս – Ատենապետ
* Նորա Ունճեան
* Կասիա Մահսերէճեան
* Խաժակ Քէշիշեան
* Ռուբիկ Պետրոս Ատոյեան
* Ռուբինա Քապիրեան
* Սարգիս Գատէհճեան
* Ալէք Արարատեան
* Շանթ Դարբինեան
* Կարէն Մարտիրոսեան
Յանձնախումբի մօտ Շրջանային Վարչութեան կապն է Ժանօ Գահվէճեան, իսկ գրասենեակէն աշխատանքներուն օգտակար կը հանդիսանան գործավարներ Սեւակ Կարապետեան, Ֆրէդ Պապաջանեան եւ Մուշեղ Պետոյեան:
Մարզախաղերը կ՛ընդգրկեն պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, թենիսի, լողի, փինկ-փոնկի, թեթեւ աթլեթի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը:
Ինչպէս տեղական մարզախաղերուն, այնպէս նաեւ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ պասքեթպոլի մարզաճիւղը, որուն զտումի մրցումները արդէն իսկ սկսած են Շաբաթ, 8 Մայիսին եւ կը շարունակուին ամէն շաբաթավերջ, գլխաւորաբար Վան Նայսի Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի (17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406) պասքեթպոլի երեք մարզադաշտերուն վրայ:
Այս տարի, պասքեթպոլի մրցումներուն կը մասնակցին 244 երկսեռ խումբեր ԱԱԱ, ԱԱ, Ա1, Ա2, Ա3, Բ, Գ, Դ, Ե, Զ, Է դասակարգերէ եւ հետեւեալ մասնաճիւղերէն.-
* ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ – 22 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղ – 11 խումբ
* ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ – 6 խումբ
* ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ – 2 խումբ
* ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ – 30 խումբ
* ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղ – 78 խումբ
* ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղ – 9 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղ – 37 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Տիեկոյի «Սեւան» Մասնաճիւղ – 3 խումբ
* ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» Մասնաճիւղ – 2 խումբ
* ՀՄԸՄի Սանթա Գլարայի «Անի» Մասնաճիւղ – 3 խումբ
* ՀՄԸՄի Գրեսենթա Հովիտի «Շանթ» Մասնաճիւղ – 27 խումբ
* ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» Մասնաճիւղ – 11 խումբ
* ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ – 3 խումբ
Շրջանային Վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահվէճեանի բացատրութեամբ «Նաւասարդեան մարզախաղերու նախապատրաստումը Յունուարէն սկսած է եւ լուրջ աշխատանք տարուած է բծախնդրութեամբ կազմակերպելու զանոնք, ամենայետին մանրամասնութեամբ իսկ, որպէսզի անակնկալներու առջեւ չգտնուին: Լաւապէս սերտուած են մարզախաղերու օրէնքները եւ անոնց գործադրութիւնը անխուսափելի է մրցումներու ընթացքին: Այս իմաստով նաեւ նշանակուած է դատական յանձնախումբ մը, որպէսզի մարզական հարցերը տեղւոյն վրայ կարենայ արդարօրէն լուծել:
«Մասնաճիւղերու պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի խումբերը պարտադրաբար կը մասնակցին յատուկ սեմինարներու եւ կը տեղեկանան իրենց մարզերէն ներս որդեգրուած նորութիւններուն, վերաքաղ մը կը կատարեն առկայ օրէնքներուն վրայ եւ ապա կը ստանան վկայական: Այն մարզիչները, որոնք չեն հետեւիր որոշուած սեմինարներուն, կը զրկուին Նաւասարդեան մարզախաղերուն իրենց խումբերու մարզիչի պաշտօնէն: Յատուկ աշխատանիստեր կը կազմակերպուին նաեւ մրցումներու կէտերու արձանագրութիւնները կատարողներուն (scorekeeper) համար»:
Իսկ անդրադառնալով մրցումներու իրաւարարներու ընտրութեան, Գահվէճեան յստակացուց, թէ «Մրցումներուն իրաւարարներու ընտրութիւնը արհեստավարժ մակարդակի վրայ կը կատարուին: Այդ գծով ունինք յատուկ ընկերութիւններ, որոնք կը զբաղին այդ ընտրութեամբ: Մեզի տրամադրուած իրաւարարները մարզական օրէնքները ի գործ դնելով, լաւապէս կը ղեկավարեն մրցումները եւ բաւական խստապահանջ են: Որեւէ անվայել կեցուածք կամ արտայայտութիւն ունեցող մարզիկ, անպայման պատիժի կ՛ենթարկուի: Վերջապէս, պէտք է գիտակցիլ, որ Նաւասարդեան Մարզախաղերը լոկ մրցումներ չեն, այլ նաեւ դաստիարակչական բնոյթ ունին եւ երիտասարդութեան մաքուր միջավայր մը ապահովելու սրբազան գործին կը միտին»:
Նաւասարդեան Մարզախաղերու առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն է Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 26 Յունիս 2010ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» Պանդոկը, 100 West Glenoaks Blvd., Glendale. Պարահանդէսի մեկնարկը (kick Off) արդէն իսկ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2010ի երեկոյեան, նոյն պանդոկի Skyline Loungeին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով համակիրներու, հովանաւորներու, ՀՄԸՄականներու, Մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնք բոլորն ալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին ներկայ գտնուելու նաեւ ՀՄԸՄի երիտասարդութեան յաղթանակները գովերգող յաղթանակի պարահանդէսին:
Նաւասարդեան Մարզախաղերը կը շարունակուին ամէն շաբաթավերջ Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի եւ այլ մարզադաշտերու վրայ: Անկասկած, մրցող երիտասարդութիւնը գաղութի քաջալերանքին կը սպասէ:
Նաւասարդեան Մարզախաղերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակը՝ (323) 344- 4300 թիւին: