ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան էջերուն դժուար է գտնել 28 Մայիս 1918ի տարողութեամբ՝ ազգային–քաղաքական արժէքով եւ պատմական–գաղափարական նշանակութեամբ երկրորդ թուական մը, որ միաժամանակ թէ՛ խորհրդանշէ «հրաշափառ յարութիւն»ն ու ինքնահաստատումը մեր Ազգին, Հայրենիքին եւ Պետականութեան, թէ՛ հիմք ծառայեցուի հայ քաղաքական մտքի այլասերման, երկփեղկումին ու բեւեռացման համար։
Նոյնիսկ իր օրին, 28 Մայիս 1918ին, երբ Թիֆլիսի մէջ Հայոց Ազգային Խորհուրդը յայտարարեց Հայաստանի անկախութիւնը, գտնուեցան Պօղոս–Նուպար փաշայի եւ Անդրանիկի արժէքով հեղինակութիւններ, որոնք չվարանեցան «Արարատեան Հանրապետութիւն» անուանելու եւ նսեմացնելու պատմական մեծագոյն քայլը Հայաստանի անկախութեան հռչակումին եւ հայոց պետականութեան հիմնումին։
Ճիշդ է, կարճատեւ կեանք ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Աւելի ճիշդ՝ հազիւ երկու տարի կրցաւ դիմադրել Սուլթանի եւ Ցարի հակահայ երբեմնի քաղաքականութիւնը նորովի սաստկացուցած Քեմալական եւ Խորհրդային միացեալ գրոհին ու մեղսակից հարուածին։ Այսուհանդերձ՝ այդ պատմական ակնթարթն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի լիարժէք կայանան անկախ Հայաստանն ու Հայկական Հանրապետութիւնը։
Աւելի՛ն. Մայիս 28ի անկախութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդիսացան այն վէմն ու կռուանը, որոնք կրցան Ազգն ու Հայրենիքը, հայ ժողովուրդն ու հայոց պետականութիւնը պահպանել խորհրդայնացման հետ եկած հայաթափման ու այլասերման, ազգային դիմազրկման եւ ուծացման ամէն կարգի խորշակներուն ու վտանգներուն դէմ։
Եւ այսօր, Հայաստանի անկախացումէն ու հայոց պետականութեան ստեղծումէն 92 տարի ետք, որքա՜ն ամօթալի կը հնչեն, պէ՛տք է հնչեն Մայիս 28ը «թուրքի նուէր» նկատելու ատենի թէ հետագայի վերագրումները, որոնց արձագանգները տակաւին լսելի են Մայիս 28ի դարաշրջան բացող Քայլը այս կամ այն առումով իմաստափոխելու եւ արժեզրկելու մերօրեայ փորձերուն մէջ։
Փաստօրէն իրենց նեղ–հատուածական՝ կուսակցական, անկուսակցական թէ հակակուսակցական ակունքէ սնող նեղմտութիւնը դեռ չեն կրցած յաղթահարել այսօրուան ժառանգորդները երէկուան ամօթալի ուրացումներուն։
Երէկուան ուրացողներուն նեղմտութիւնն ու այլամերժութիւնը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր մնալ մերօրեայ այն «գաղափարախօսներուն» համար, որոնք թերեւս բարձրաձայն չեն յայտարարեր իրենց մերժումն ու ընդդիմութիւնը «դաշնակների Հայաստան»ին, բայց ոչ մէկ առիթ կը փախցնեն լայնքին–երկայնքին դատապարտելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական իշխանութիւնները՝ իրենց վարած թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութեան համար։ Իսկ երբ դէմ յանդիման կու գան պատմական ճշմարտութեան անխորտակելի պատին եւ պարտաւոր կը զգան ընդունելու Մայիս 28ի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դարակազմիկ նշանակութիւնն ու արժէքը, այդ պարագային ալ գլուխ կը ցցէ ուրացման նոր քարոզարշաւ մը, որ կը յատկանշուի Մայիս 28ի նուաճումները Դաշնակցութենէն անկախաբար եւ հակադրաբար արժեւորելու, իսկ ձախողումները բացառապէս Դաշնակցութեան վերագրելու «նորարար» ուրացումով։
– Եթէ հնարաւոր չէ ուրանալ Արամի հիմնադիր դերը Հայաստանի անկախութեան կերտումին մէջ, այդ պարագային կ՛արժէ Դաշնակցութենէն անջատ եւ նոյնիսկ Դաշնակցութենէն վեր գնահատել Արամի «անհատական» մեծութիւնն ու աւանդը։
– Եթէ Զանգեզուրի ազատագրութեան մէջ Նժդեհի դերակատարութեան արժեւորումը կրնայ ծառայել ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ներդրումը մեծարելու նպատակին, այդ պարագային պէտք է տեղին–անտեղի լուսարձակի տակ առնել Նժդեհի ներ–կուսակցական հետագայ վէճերն ու հարցերը դաշնակցական այլ ղեկավար գործիչներու հետ… որպէսզի իբրեւ դաշնակցական որոշում եւ գործ չընկալուի Նժդեհի գործուղումը Զանգեզուր։
Աւելորդ է ծանրանալ Մայիս 28ի ուրացման նոր եղանակներու եւ նշանակէտերու թւումին վրայ։
Մանաւանդ որ Ուրացումը նաեւ չի սահմանափակուիր միայն անցեալի հակադաշնակցական մոլուցքի նորովի դրսեւորումներով։
Բուն հարցը ա՛յն է, որ Արցախեան պահանջատիրութեամբ եւ Հայաստանի վերանկախացման շարժումով թափ առած Մայիս 28ի Աւանդին վերականգնումը ամբողջական չեղաւ, կիսաւարտ մնաց։
23 Օգոստոս 1990ին Հ.Հ. Գերագոյն Խորհուրդի հաստատած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, իր տառով եւ ոգիով, Մայիս 28ի Աւանդին լիարժէք վերականգնման ուղին բացաւ, բայց իրողապէս տեղ մը արգելակուեցաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան այդ հունով յառաջխաղացքը։
Անկախութեան Հռչակագիրը քաղաքական պահուն համապատասխան բանաձեւում տուաւ Մայիս 28ի «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան» հանգանակին, Հայ Դատի իրաւատիրութեան շեշտադրումով փոխարինելով «Միացեալ Հայաստան»ի տարազումը։ Բայց քաղաքական այդ աստիճան շրջահայեաց իրատեսութիւնն անգամ անընդունելի նկատուեցաւ Ուրացման ժառանգորդներուն կողմէ։
Անկասկած շրջանային եւ մեծապետական գործօնները իրենց արգելակիչ ներգործութիւնը ունեցան Հայաստանի անկախութեան եւ հայկական պետականութեան ամբողջական վերականգնումի երթին վրայ։ Բայց արտաքին ճնշումներուն համահունչ իր արգելակող անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Ուրացման 70ամեայ «ժառանգութիւնը»։
Այդ էր պատճառը, որ նոյնիսկ Մայիս 28ը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու պետական տօն հռչակելու ժամանակ, ատենի իշխանութիւնները ամէն ճիգ թափեցին, որպէսզի «Հայաստանի Անկախութեան Օր» չհռչակուի 28 Մայիսը, այլ՝ տօնակատարուի իբրեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Օր, Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութեան Օրուան՝ Նոյեմբեր 29ի կողքին։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ Մայիս 28ի խորհրդանիշ եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգ «Մեր Հայրենիք»էն ի սպառ դուրս դրուեցաւ պատմական մեր անցեալին եւ ազգային մեր յիշողութեան գրաւական «թշուառ, անտէր»ը։
Պատահական չէ, նոյնպէս, որ մինչեւ այսօր օրակարգի վրայ կը բերուի տարբեր օրհներգ մը ունենալու առաջարկութիւնը։
Միեւնոյն աղբիւրէն չի՞ ներշնչուիր, արդեօք, Եռագոյնը իբրեւ «Կարմիր, Կապոյտ, Ծիրանագոյն» գովերգելու վերջին տարիներու «նորարարութիւն»ը։
Բայց ի՞նչ կարիք կայ այսօրուան մտածումին՝ Մայիս 28ի գաղափարական աւանդի արժեւորման նուիրուած խօսքին խառնելու Ուրացման այդ պղտոր ջուրերը։
Կարիքը աւելի քան մեծ է, այժմէակա՛ն է եւ բախտորո՜շ նշանակութիւն ունի մեր Ազգի եւ Հայրենիքի, հայ ժողովուրդի եւ հայոց ազգային պետականութեան վաղուան բարգաւաճումին, հզօրացումին ու ամբողջացումին համար։
Նման պղտոր ջուրերու հետեւանքով իր վճիտ հունէն զրկուեցաւ Մայիս 28ի գաղափարական Աւանդին վերարժեւորման հոսանքը. կիսաւարտ մնաց Հայաստանի անկախութեան եւ հայկական պետականութեան լիարժէք վերականգնումը։
Նոյնինքն Անկախութեան մերօրեայ երթին վաղուան յաղթարշաւին համար, ազգովին պէտք ունինք 28 Մայիսը նուաճած սերունդին թէ՛ արտաքին թշնամին դիմագրաւելու վճռականութեան ու մարտունակութեան, թէ՛ ամբողջ հայութեան միասնական ներուժը պետականօրէն մարմնաւորելու համազգային տեսլականին եւ թէ, մանաւա՛նդ, յանուն ազատութեան եւ հայրենիքին զոհուած մեր նահատակներու արեան կանչին հաւատարմութեան, ինքնահաւատարմութեա՛ն։
Մայիս 28ին նուաճուած Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական վերականգնումն է ռազմավարական այն ուղին, որ գալիք մեր սերունդներուն հնարաւորութիւնը պիտի տայ ամենայն հայոց կառավարութեամբ նուիրուելու Հայոց Պետական Տան հզօրացման եւ ամբողջացման սրբազան պայքարին։