ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիա վերջերս որոշած է Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի հետ այցագրերու դրութիւնը ջնջել՝ մտահոգութիւն յառաջացնելով Պրիւքսելի մէջ:
Եւրոմիութիւնը կը շեշտէ, թէ գոհ չէ այս զարգացումէն: Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերու պատասխանատու Շթեֆան Ֆիւլէ ըսաւ, որ Թուրքիոյ այս նոր քաղաքականութիւնը մօտ օրէն կրնայ հարցեր ստեղծել Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն գծով, որովհետեւ Թուրքիա այցագրերու դրութիւնը կը ջնջէ այնպիսի երկիրներու հետ, որոնց հետ Եւրոմիութիւնը այցագրի դրութիւն ունի։ Եւրոմիութեան անդամակցելու թեկնածու երկիրները պարտաւոր են իրենց քայլերը յարմարեցնել Եւրոմիութեան քաղաքականութեան, յիշեցուց Ֆիւլէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.