ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անցեալ տարի Նիւ Ճըրզիի մէջ ձերբակալուեցաւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող րաբբի Լեւի Իցհաք Ռոզընպաումը, մարդկային օրկաններու առեւտուրով եւ ապօրինի միջոցներով գոյացուած գումարներ մաքրագործելու յանցաքով: Անոր հետ ձերբակալուեցան 44 ուրիշներ, ներառեալ՝ Նիւ Ճըրզիի նահանգային խորհրդարանի երկու անդամներ եւ քանի մը այլ րաբբիներ:
Ըստ Նիւ Ճըրզիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային ատեանին կատարած ամբաստանութեան, ենթակաները մինչեւ 160,000 տոլար գանձած են օրկանները ապահովելու եւ գործողութիւնները իրականացնելու համար:
Սակայն, ձերբակալութիւններէն ետք, եւրոպական եւ արաբական մամուլին մէջ սկսան լոյս տեսնելու բացայայտումներ, թէ Իսրայէլի մէջ օրկաններ նուիրողներուն մեծ մասը իրականութեան մէջ պաղեստինցի բանտարկեալներ են, ներառեալ պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք պարտադրաբար կը կատարեն նման «նուիրատուութիւն»ներ: Լրագրողներ նաեւ բացայայտած են, թէ 1980ական եւ 1990ական թուականներուն եւս, սպաննուած կամ բանտարկեալ պաղեստինցիներու օրկաններ յաճախ կը գողցուէին իսրայէլացի բժիշկներու կողմէ: Այս բոլորին դէմ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անգամ մը եւս դիմեց արդէն իսկ մաշած՝ «հակասեմականութիւն» ամբաստանութեան:
Ամբաստանութիւնները այնքան լուրջ էին, որ այս տարուան Մարտին, ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը կոչ ըրաւ Իսրայէլի իշխանութեանց, որ կտրուկ միջոցառումներու դիմէ՝ կասեցնելու համար օրկաններու ապօրինի առեւտուրը: Հաւանաբար նման արարքներ ակնկալելի պէտք է ըլլան ինքզինք Աստուծոյ «ընտրեալ ժողովուրդը» նկատող ժողովուրդին ներկայացուցիչներէն: