ՈՒԻԼՈԿՊԻ, Աւստրալիա.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Շուշիի ազատագրութեան 18րդ տարեդարձին առիթով լուսանկարներու իւրայատուկ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է անցեալ շաբթուան ընթացքին, Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը հանդիսացող Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանի շէնքին մէջ, եւ այդ առիթով, խորհրդարանի անդամ Ճանըթըն Օ՛Տէա, Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին ի նպաստ արտայայտուած է:

Նշուած ցուցահանդէսը դրուատելէ ետք, ան շեշտած է, թէ Շուշիի ազատագրութեան համար տարուած ճակատամարտը այնքա՛ն կարեւոր է հայերուն համար, որքա՛ն Կալիփոլիի պատերազմը՝ աւստրալիացիներուն համար:
«Յիշելով Ուուտրօ Ուիլըսնի սահմանած սկզունքները՝ նեցուկ կը կանգնիմ բոլոր ժողովրդներուն, ներառեալ հայերու ինքնորոշման իրաւունքին, եւ կ՛ուզեմ պատուել Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը եւ անոնց նեցուկ կանգնող հայերը, որոնք, հակառակ բոլոր դժուարութեանց եւ սպառնալիքներուն, կը շարունակեն իրենց ինքնորոշման պայքարը յանուն խաղաղութեան», ըսած է ան:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Վարանդ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնած է երեսփոխան Ճանըթըն Օ՛Տէայի, որ իր այս ելոյթով մասնակից դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու պայքարին: