ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կովկասի իսլամներու հոգեւոր առաջնորդ Շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ դիմած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, խնդրելով անկէ կասեցնել Պաքուի «Ֆաթիմէ Զահրա» մզկիթը քանդելու մասին որոշումին գործադրութիւնը։ Ան առաջարկած է մզկիթը յանձնել Կովկասի իսլամներու վարչութեան տնօրինութեան։
Ատրպէյճանի նախագահը հաւանութիւնը տուած է այդ առաջարկին եւ համապատասխան յանձնարարութիւն տուած է Պաքուի գործադիր իշխանութեան։
Իրանի հոգեւոր առաջնորդները խստիւ դատապարտած էին Պաքուի մէջ իրանական մզկիթներու քանդման փաստը։ Ապրիլ 30ին, Ատրպէյճանի Գերագոյն ատեանը որոշում տուած էր «Ֆաթիմէ Զահրա» մզկիթը քանդելու մասին, իսկ անցեալ տարի Ատրպէյճանի մէջ ոչնչացուած էին 7 մզկիթներ։ Այաթոլլա Նասեր Մաքարեմ Շիրազի յայտարարած էր, որ եթէ իրանեան մզկիթներու ոչնչացումը շարունակուի, ապա «դիմադրելու հրաման պիտի տանք, եւ անոնք, որոնք այդ ճամբուն վրայ պիտի զոհուին, սրբազան նահատակներ են»։
Քանի մը օր առաջ այաթոլլա Զէյն ուլ Ապետին Ղորպանի այդ կապակցութեամբ նամակ մը յղած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, ազդարարելով, թէ ան կրնայ ինքզինք գտնել «պատմութեան մոխրակոյտին մէջ, Մոհամմատ Ռեզա շահի ու Սատտամ Հիւսէյնի նման»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.