Մայրերու Օր.
Նուիրական օր մը բոլորիս համար, մանաւանդ, երբ կը յիշենք հայ մայրը, որ բառին ամբողջական հասկացողութեամբ իր կեանքը նուիրած է ընտանիքին, դարձած զոհողութեան չափանիշ, բայց մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին, ան իր առաքելութեան մէկ մասը դարձուցած է հայ ընտանիքի սրբութեան պահպանումը, զաւակներուն քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը, մէկ խօսքով՝ ան դարձած է գաղութներու գոյատեւման գրաւականը։
Ահա այս հասկացողութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը շքեղ կերպով տօնեց Մայրերու օրը «Միրաժ» ճաշարանին մէջ, հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմին, եւ կազմակերպութեամբ Տիկնանց օժանդակ մարմինին։
Ճաշկերոյթը սկսաւ Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ սեղանի օրհնութեամբ, որմէ ետք Տիկնանցի ատենապետուհին Մելինէ Աշըգեան, իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան իր խօսքը սկսաւ Յովհ. Շիրազի հետեւեալ տողերով.
Սրտիս պատին է յաւէտ,
Մայր իմ, պատկերդ պաշտուած,
Դու իմ խրճիթ, դու իմ բերդ,
Դու իմ տաճար, իմ Աստուած։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աշխէն Պետրոսեանին, որ ազնուաբար յանձն առած էր ձեռնարկին հիւրընկալութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով եկեղեցւոյ կոչին՝ դարձեալ ներկայ էին ու քաջալեր հանդիսացան ձեռնարկին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ինչպէս որ Մայրերու օրը մեր բոլորին սրտին մէջ իրեն յատուկ տեղը ունի, յոյսով ենք, որ այս ձեռնարկն ալ իր քաղցր յիշատակներով աւանդութիւն կը դարձնենք, եւ ամէն տարի միասնաբար կը տօնենք մեր բոլորին սիրելի մայրերուն տօնը»։
Ապա ան հրաւիրեց Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը իր սրտին խօսքը փոխանցելու։ Ան վեր առաւ օրուան հիւրընկալին ոչ միայն հայ մօր հասկացողութիւնը խտացնող տիպարը, այլ յիշեց ազգային ու միութենական կեանքէն ներս անոր ունեցած ծառայութիւնը՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Լոս Անճելըս՝ իբրեւ ՀՕՄի գործունեայ մէկ անդամը։ Ան Նաեւ յիշեց, թէ Աշխէն Պետրոսեանի ամուսինը՝ Սարգիս Պետրոսեանը, մինչեւ իր անակնկալ մահը, երկար տարիներ իբրեւ հոգաբարձու ծառայած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյն։ Տակաւին, տիկին Աշխէնին զաւակները, առաջնորդուելով իրենց ծնողաց ուղիով՝ այսօր բոլորն ալ գործնապէս դերակատար են մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքէն ներս։
Խօսքի աւարտին, Տ. Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Գամպէրեան եւ Մելինէ Աշըգեան բեմ հրաւիրեցին Աշխէն Պետրոսեանը, ու անոր փոխանցեցին յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք իր ծառայութեան, ապա ան կտրեց Մայրերու օրուան յատուկ կարկանդակը։
Նախքան յայտագիրի պաշտօնական բաժինին աւարտը, Աշխէն Պետրոսեանի թոռը՝ Խաժակ Քամարեանը, Մայրերու օրուան առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ յիշեց, թէ ինչպէս իբրեւ մեծ մայր՝ Աշխէն Պետրոսեան իր թոռնիկներուն քմահաճոյքները կը տանի համբերութեամբ, սիրով, ու գուրգուրանքով կը պարուրէ զիրենք, իսկ թոռները երբեք իր բերանէն չեն լսեր «ո»չ բառը, կարծէք, թէ այդ բառը երբեք գոյութիւն չունի իրեն համար։ Իսկ դպրաց դասի վարչականներէն Րաֆֆի Կարապետեան ու Գէորգ Փալանճեան, Մայրերու օրուան խորհուրդին առնչուած իրենց մտածումները արտայայտեցին ներկաներուն։
Նախքան ձեռնարկին աւարտը, Հոգաբարձութեան կողմէ Ժան Մարթայեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, Տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ բոլոր անոնց, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պայծառացման աշխատանքներուն։
Ապա ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները վայելեցին համադամ ճաշերը եւ Մայրերու օրուան տօնը դարձուցին յիշատակելի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.