ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր «Սպեղանի» երգչախումբը ձայնագրած եւ CD տարբերակով պատրաստած է Կոմիտասի Ս. Պատարագը, որուն շնորհահանդէսը կայացաւ Մայիս 11ին, Արամ Խաչատրեան տուն-թանգարանին մէջ։
Շնորհահանդէսի ընթացքին երգչախումբը կատարեց կոմիտասեան պատարագը՝ զայն նուիրելով արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.