ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայիս 11ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին Անկուլեմ քաղաքի Պատկերապատման բարձրագոյն դպրոցի դատակազմի անդամ Տոմինիք Պեղթղայ յայտնած է, թէ Պատկերապատման միջազգային երրորդ փառատօնի նախաշէմին, Երեւանի մէջ իրականացած են պատկերապատման դասընթացքներ:
Նշենք, որ Պատկերապատման միջազգային երրորդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 14-16ի միջեւ, Երեւանի մէջ:
Ըստ Տ. Պեղթղայի՝ դասընթացքները բաղկացած էին երեք փուլերէ. իւրաքանչիւրը՝ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ, ու զանոնք վարած են ֆրանսացի դասախօսներ Ֆարիտ Պուճելալ, Տոմինիք Պեղթղայ եւ Կառան: Պեղթղայ յայտնած է, որ խումբի բոլոր ուսանողները ստեղծած են պատկերապատում, որուն թեման եղած է «Երեւանը երէկ, այսօր կամ վաղը»:
Դասընթացքներուն մասնակցած են տարբեր սերունդի ու տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ: «Անոնց իւրաքանչիւրը յաջողութեամբ աւարտած է իր աշխատանքը՝ կիրառելով սեփական ոճն ու գուներանգները: Հետաքրքրական է, որ իւրաքանչիւր մասնակից իւրօրինակ ու տարբեր ձեւով ներկայացուցած է Երեւանը», աւելցուցած է ան:
Տ. Պեղթղայ նաեւ յայտնած է, որ խումբի մասնակից ուսանողներուն պատկերապատումները պիտի տպագրուին այն գիրքին մէջ, որ փառատօնի ընթացքին պիտի յանձնուի ընթերցողներու դատին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.