Իսրայէլի խորհրդարանի անդամ, ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի հեղինակ Հայիմ Օրոն «Արմինֆօ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Երկուշաբթի, Մայիս 10ին Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ քննարկուած է այն հարցը, թէ ո՞ր յանձնախումբին մէջ պիտի արծարծուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սակայն վերջնական որոշում չէ կայացուած: Բանաձեւը կրնայ քննուիլ Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Պաշտպանութեան կամ կրթական հարցերու յանձնախումբին կողմէ:
Օրոն յիշեցուցած է, որ փաստաթուղթը Քնեսեթի (Իսրայէլի խորհրդարանի) օրակարգ մտած է այս տարուան Ապրիլ 28ին, երբ Քնեսեթի 12 անդամներ քուէարկած են զայն քննարկելու ի նպաստ:
«Քնեսեթի լիագումար նիստին մէջ ելոյթ ունենալով՝ ես նշեցի, թէ չորրորդ տարին է, որ կը բարձրացնեմ այդ հարցը, յուսալով, որ նման բանավէճերու արդիւնքով Իսրայէլի Քնեսեթը կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Մենք հայ ժողովուրդին փոխհատուցում տրամադրելու հարցը չենք քննարկեր։ Մենք կը խօսինք շատ էական բանի մը մասին՝ հրեայ ժողովուրդին, Քնեսեթի կողմէ այլ ժողովուրդի մը ազգային ողբերգութեան ճանաչման մասին», ըսած է Օրոն՝ աւելցնելով, որ պէտք է պայքարիլ «ուրացման, ոչ յստակ ձեւակերպումներու եւ «փակ աչքերու» քաղաքականութեան դէմ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.