ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Երեքշաբթի, Մայիս 11ին, Պաքուի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Անաթոլի Սերտիուքովի եւ Սաֆար Ապիեւի միջեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակին եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող հարցեր։ Ապիեւ ըսած է, թէ այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերը ցարդ ապարդիւն են, եւ անհրաժեշտ է բարձրացնել աշխուժութեան մակարդակը: Ըստ անոր, բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, այլապէս՝ իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ կրնայ հասնիլ անբաղցալի մակարդակի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.