ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայիս 5ին կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին «Արմէնթել» ընկերութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին նուիրած է հայ նկարիչներու 5 ստեղծագործութիւններ՝ Յովհաննէս Աւետիսեանի, Գրիշա Թորոսեանի, Հրանդ Միրզոյեանի, Յարութիւն Յակոբեանի եւ Տիգրան Բարխանաջեանի:
«Թանգարանին մէջ այս նկարները կը տեսնեն աշխարհի տարբեր անկիւններէն Հայաստան այցելած տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, եւ համոզուած ենք, որ անոնց շնորհիւ աւելի տեսանելի պիտի դառնայ հայ ազգի ողբերգութիւնը, ապրելու եւ ստեղծելու վճռականութիւնը եւ վաղուան օրը հաւատքով եւ հպարտութեամբ կերտելու ձգտումը», ըսած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Իգոր Քլիմքօ:
Իր կարգին, Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հ. Դեմոյեան նշած է. «Իմ երախտագիտութիւնն եմ յայտնում «Արմէնթել»ին եւ «Աշխարհի հայ նկարիչներ»ի միութեան՝ այս ներդրման համար: Համոզուած եմ, որ այս աշխատանքները արժանի տեղ կը զբաղեցնեն թանգարանում»:
Ձեռնարկի ընթացքին հայ նկարիչներուն աջակցելուն, ինչպէս նաեւ հայ կերպարուեստի զարգացման մէջ ունեցած իր ներդրման համար, «Արմէնթել»ի գլխաւոր տնօրէն Ի. Քլիմքօ ճանչցուած է Աշխարհի հայ նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ եւ անոր շնորհուած է «Մոմիկ»ի անուան շքանշան:
Յիշեցնենք, որ «Արմէնթել»ի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած հայ դասական եւ ժամանակակից գեղանկարիչներու աշխատանքներուն ցուցակը, ուր ներառուած են նաեւ բացառիկ նկարներ եւ 1915ի ողբերգութեան ականատեսներու վկայութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.