ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 4ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան ընդունած է Հայաստան այցելած Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նախագահ Էռնեսթ Պենաչ Ի-Փասկուալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նշենք, որ ասիկա Քաթալոնիոյ խորհրդարանական պատուիրակութեան առաջին այցելութիւնն է Հայաստան՝ Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ 2010ի Փետրուար 26ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ի վեր:
Ողջունելով հիւրին Հայաստան այցելութիւնը՝ Ս. Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն եւ հետեւողական վերաբերմունքին համար: Ան բարձր գնահատած է պարոն Պենաչ Ի-Փասքուալի վերաբերմունքը Քաթալոնիոյ հայ համայնքին նկատմամբ, որուն ամենավառ ապացոյցն է Քաթալոնիոյ մէջ հայ-սպանական խաչքարին բացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.