ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Զաման».- Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը Հինգշաբթի, Ապրիլ 29ին գումարած իր հերթական նիստին ընթացքին քննեց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցերն ու վերջին զարգացումները։ Ժողովէն ետք հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ քանի մը տողով անդրադարձ կայ այս մասին։ Հոն կ՛ըսուի. «Նիստի ընթացքին քննուած են տարբեր պետութիւններու կողմէ 1915ի իրադարձութիւններու առնչութեամբ կատարուած յայտարարութիւնները եւ այդ հարցին կապակցութեամբ թրքական կողմի իրականացուցած նախաձեռնութիւնները: Ժողովի ընթացքին ընդգծուեցաւ այն տեսակէտը, թէ թուրք եւ հայ ազգերուն հասարակաց անցեալը կրնայ արժեւորուիլ միայն անկողմնակալ ու գիտական մօտեցումով, այդ ալ անվիճելի փաստաթուղթերու լոյսին տակ»։
Թուրքիոյ քաղաքական եւ զինուորական աւագանին մէկտեղող այս ժողովը, որուն կը նախագահէր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, քննած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը եւ նշած է, որ Թուրքիա վճռակամ է «ամբողջ Կովկասի մէջ կայունութեան եւ համագործակցութեան ուղղութեամբ ջանքերը» շարունակելու:
Նիստի ընթացքին քննուած են նաեւ կիպրական հիմնախնդիրը, Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնակոչ թրքական հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, Ղըրղզստանի վերջին իրադարձութիւններուն ու Ուաշինկթընի մէջ կայացած հիւլէական ապահովութեան ժողովին արդիւնքները։ Յատկանշական է նաեւ, որ Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստին աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն եւ անոնց հետ առնչուող վերջին զարգացումներուն մասին ոչինչ նշուած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.