Այնթապի հերոսամարտի 90րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 11ի յետմիջօրէին, առիթ մը եղաւ ո՛չ միայն յարգանքի տուրք մատուցելու հերոսամարտը կերտած սերունդին ու նահատակներուն, այլ նաեւ վեր առնելու ցեղասպանին դէմ հայութեան մղած բոլոր հերոսամարտերուն կարեւորութիւնն ու արժէքը, գնահատական մը կատարելու Հայկական Կիլիկիոյ պատմական ու մշակութային ժառանգութեանց, անոր մէջ Այնթապի տեղին ու դերակատարութեան։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Այնթապի մշակութային միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարչութեան կողմէ, Հոլիվուտի «Տաղլեան» պերճաշուք սրահին մէջ։ Սրահը վերանորոգուած էր ու բարեզարդուած, ու բարերարին կողմէ սիրայօժար կերպով տրամադրուած էր միութեան։
Խորքին մէջ, հանդիսութիւնը նուիրուած էր երեք տարեդարձներու. հերոսամարտի 90ամեակին կողքին, միութիւնը կը տօնէր նաեւ Հայաստանի մէջ «Թազա» աւանին Նոր Այնթապ վերամկրտումին 40րդ, ու միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու միաւորին 20րդ տարեդարձները։ Իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Ցեղասպանութեան մասնագէտ փրոֆ. Վահագն Տատրեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ծրագրումին ու գործադրութեան կարգ մը մութ ծալքերուն, որոնց մէկ մասը նոր բացայայտած է։
ԲԱՑՈՒՄ
Սրահ ժամանող հանդիսականները առաջին հերթին իրենց տրամադրութեան տակ ունեցան յատուկ գրքոյկ մը, ուր յայտագիրին կողքին, տեղ գտած էին բացատրական գրութիւններ ու հերոսամարտի օրերէն քաղուած հազուագիւտ լուսանկարներ։ Գրքոյկը պատրաստուած ու ձեւաւորուած էր միութեան վարչականներէն՝ ծանօթ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի կողմէ։
Բացման խօսքեր արտասանեցին միութեան ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան (անգլերէնով) եւ վարչականներէն Թագուհի Արզումանեան (հայերէնով)։ Ներկաները ողջունելէ ետք, անոնք ոգեկոչեցին յիշատակը թուրքին դէմ ծառացած այնթապցի հերոսներուն։ Ապա, հրաւիրուեցաւ ծանօթ մտաւորական ու դաստիարակ Վաչէ Սեմերճեանը, որպէսզի վարէ հանդիսութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, որպէսզի աղօթքով կատարէ հանդիսութեան պաշտօնական բացումը։ Ներկայ էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչը՝ Սիփան քհնյ. Մխճեան, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւներէն վեր. Պարգեւ Տարագճեան, ինչպէս նաեւ միութենական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ։
Հայր սուրբը, աղօթքէն ետք, ընթերցեց առաջնորդ սրբազանին գրաւոր սրտի խօսքը, որուն մէջ Մուշեղ սրբազան կ՛ողջունէր հանդիսականները, կազմակերպիչ վարչութիւնն ու օրուան բանախօս փրոֆ. Վահագն Տատրեանը, գնահատանք կ՛արձանագրէր փրոֆ. Տատրեանի նուիրեալ աշխատանքին մասին, վեր կ՛առնէր հայութեան մղած հերոսամարտերուն կարեւորութիւնն ու արժէքը, Ցեղասպանութեան օրերուն թէ յաջորդող դժուարին տարիներուն՝ բազմաթիւ վերապրողներու կեանքերը փրկելու անոնց դերն ու իրաւատիրութեան հետապնդման իմաստով անոնցմէ բխած անժամանցելի պատգամները։
ՍԱՀԻԿՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Բանախօսութենէն առաջ, հանդիսավարը ներկաներուն ներկայացուց Սարգիս Պալմանուկեանը, որ պատրաստած էր սահիկներու շարք մը։ Սեմէրճեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ ծանօթ ճարտարապետին վաստակին մասին, յատկապէս կանգ առնելով Ցեղասպանութեան յիշատակումի մէջ անոր մնայուն ներդրումներուն վրայ, որոնց շարքին են Հալէպի մէջ յուշակոթողներ, բայց մասնաւորաբար Տէր Զօրի հռչակաւոր յուշահամալիրն ու Նահատակաց Մատուռը։
Պալմանուկեանի կողմէ խնամքով մէկտեղուած հարիւրաւոր նկարներու շարքը կը սկսէր ընդհանրականէն, հասնելու համար մասնաւորին՝ հերոսամարտին։ Պալմանուկեան նախ ներկայացուց Կիլիկիոյ մէջ հայկական իշխանութեան ու թագաւորութեան օրերու մշակութային ու այլ ժառանգութիւններու հակիրճ պատկերը՝ ցուցադրելով բերդերու, դղեակներու եւ ձեռագիր մատեաններու ու մանրանկարներու շարք մը, իբրեւ ապացոյց՝ այդ դարաշրջանի հայութեան նիւթական, զինուորական ու մտաւորական-արուեստի կարողութիւններուն, բարձր մակարդակին։ Լուսանկարներուն երկրորդ բաժինը քաղուած էր Այնթապի կեանքէն՝ ընդգրկելով նախ ուսումնական ու ժողովրդային բարքերու երեսները, հասնելու համար նոյնինքն հերոսամարտի օրերէն քաղուած պատառիկներու։ Ներկաները ծանօթացան պաշտպանական խումբերու, զինուորական ու ժողովրդային ղեկավարներու եւ առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ պատնէշներու ետին մարտնչող ժողովուրդին խիզախումը յուշող լուսանկարներու։
ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Այնուհետեւ, Սեմերճեան ներկաներուն ներկայացուց փրոֆ. Վահագն Տատրեանն ու անոր վաստակը՝ նշելով, որ ան տասնամեակներու վրայ երկարող մասնագիտական երախտաշատ աշխատանք կատարած է Ցեղասպանութեան մասին, բացած է պատմական ոճիրին բազմաթիւ մութ ծալքերը, զանոնք վաւերագրած է բազմաթիւ հատորներու մէջ. ան կը հանդիսանայ Հայկական Ցեղասպանութեան ծալքերուն ամէնէն քաջածանօթ անձնաւո-րութիւններէն մէկը, որ մասնակցած է այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ համագումարներու եւ գիտաժողովներու, ներառեալ՝ Թուրքիոյ մէջ, սերտ կապեր հաստատած է շարք մը թուրք պատմաբաններու եւ մտաւորականներու հետ, որոնք հետզհետէ կը յարին Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ճանաչման։
Փրոֆ. Տատրեան իր նիւթը ներկայացուց երկու գլխաւոր բաժիններով։ Ան առաջին հերթին կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ Ցեղասպանութեան տարիները ունին նաեւ մութ պատկերը լուսաւորող զարգացումներ՝ մեր հերոսամարտերը։ Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Ցեղասպանութեան առաջին շրջանին մղուած ինքնապաշտպանական ու ազատագրական հերոսամարտերը՝ Վանի, Մուսա Տաղի, Շապին Գարահիսարի եւ Ուրֆայի մէջ, որոնք աւելի՛ ծանօթ են մեր ժողովուրդին, քան շարք մը այլ հերոսամարտեր, որոնք մղուած են աւելի ուշ տարիներուն, եւ որոնց շարքին է Այնթապի հերոսամարտը, սկսած՝ Ապրիլ 1, 1920ին ու երկարած աւելի քան տասը ամիսներու վրայ։ «Այնթապի հերոսամարտին մասին աւելի խորաթափանց ուսումնասիրութիւններս, աչքերուս առջեւ պարզեցին մանրամասնութիւններ եւ իրականութիւններ, որոնց հիմամբ, կրնամ ըսել, որ այս հերոսամարտը պէտք է դասուի մեր գլխաւոր հերոսամարտերուն շարքին», ըսաւ բանախօսը:
Բանախօսը վեր առաւ շարք մը հիմնական գիծեր. ան շեշտեց, որ Այնթապի հայութիւնը, առանց կուսակցական, յարանուանական կամ այլ խտրութեան, միակամ եւ միասնական կերպով կազմակերպած եւ իրականացուցած է թուրքին դէմ իր ճակատումը, իրազեկ դառնալով, որ թրքական կողմը, արհամարհելով օրուան իրականութիւնները, այսինքն՝ յաղթական դաշնակից ուժերուն ներկայութիւնը, կը պատրաստուէր միանգամընդմիշտ բնաջնջել իր մեծ ոճիրէն վերապրող հայութեան բեկորները։ Փրոֆ. Տատրեան կանգ առաւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական, ինքնազինումի, պարէնաւորման եւ այլ մանրամասնութեանց վրայ, ընդգծելով, որ ամիսներու վրայ երկարած մարտնչումները ի վերջոյ պարտութեան մատնեցին թուրքը, թէեւ ան օժտուած էր զինական եւ զինուորական յստակ առաւելութիւններով. հայկական ինքնապաշտպանական ուժերու յաղթանակը հարկադրեց ֆրանսական ուժերը, որպէսզի միջամտութիւն կատարեն ի նպաստ հայերուն եւ, տուեալ պայմաններուն մէջ, յաջորդող ամիսներուն օժանդակեն շուրջ 17,000 հայերու դէպի Հալէպ եւ սուրիական շրջակայ աւաններ նահանջին։ Այսպէսով, երկրորդ ստոյգ ջարդէ մը փրկուեցան աւելի քան 12,000 այնթապցիներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 4000 այլ հայեր, որոնք Տէր Զօրի անապատներէն ու բռնագաղթի այլ վայրերէ փրկուելէ ետք, Ա. աշխարհամարտի աւարտին ապաստան գտած էին Այնթապ։
Բանախօսութեան երկրորդ բաժինը յատկացուած էր նոյնինքն Ցեղասպանութեան կարգ մը երեսներուն ու երեւոյթներուն: Բանախօսը նախ խօսեցաւ այն իրողութեան մասին, որ Ցեղասպանութիւնը կազմակերպուած ու նախապատրաստուած ծրագիր էր, հանդիսացաւ սուլթան Համիտի օրերուն՝ 1894-96 տարիներուն տեղի ունեցած, ապա նաեւ՝ իթթիահատականներու իշխանութեան հասնելէն ետք, 1909ի ջարդերուն ու բռնադատութիւններուն նորագոյն ու ամէնէն ահաւոր փուլը. նախկին ջարդերը չունէին ցեղասպանական բնոյթ, կը տեւէին քանի մը օր, առաւելաբար կեդրոնացած էին քաղաքներու վրայ, թիրախ կ՛ընտրէին տղամարդիկը. մինչդեռ 1915ին ծայր տուած համատարած ջարդերը ցեղասպանութիւն էին. իթթիհատականները որոշած էին միանգամընդմիշտ լուծել Հայկական Հարցը՝ ըստ կարելւոյն բնաջնջելով ամբողջ հայութիւնը, բռնագրաւելով մեր դարաւոր հայրենիքը։ Իթթիհատ կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն վճռած էր չկրկնել սուլթան Համիտի սխալը՝ կիսկատար ջարդեր կազմակերպելով։ Ան յիշատակեց ջարդերու օրերէն քիչ ծանօթ դրուագներ, որոնք ցոյց կու տան թուրքին ցեղասպանական ու վայրագ նկարագիրը, ինչպէս՝ ջարդի գործողութիւնները բանտերէն արձակուող ամէնէն վայրագ ոճրագործներուն վստահելու որոշումը, ապա նաեւ, հայութեան ու մանուկներու հանդէպ բարեացակամութիւն ցուցաբերող յոյն առաջնորդի մը եւ կարգ մը բարեացակամ թուրքերու նկատմամբ դաժան վարմունքը։
Փրոֆ. Տատրեան վեր առաւ Ցեղասպանութեան ու վայրագութեան սանձարձակ իրագործման պատճառները, ինչպէս՝ ոճրագործներուն ու կազմակերպիչներուն անպատժելիութենէն բխող ինքնավստահութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը կազմակերպողները, ըսաւ ան, բազմիցս արտայայտուած են, թէ ոչ ոք իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջէ, հետեւաբար, դիմած են ամէնէն անմարդկային ու աներեւակայելի միջոցներուն։ Ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն իրողութեան առջեւ, որ յետ-աշխարհամարտեան շրջանին, նոյնինքն Թուրքիոյ զինուորական ատեանին կողմէ ջարդարարներուն մասին բացուած դատական քննութիւնները, հոգ չէ թէ գործնական պատժամիջոցներու չյանգեցան, այսուհանդերձ, հետագայ ուսումնասիրողին հայթայթեցին այնպիսի թանկարժէք թղթածրարներ, որոնք անհերքելի կերպով կը փաստեն, թէ հայութեան դէմ գործուած բռնարարքները՝ ցեղասպանութիւնն ու իր բնօրրանէն հայութեան արտաքսումը կանխամտածուած ու կազմակերպուած ոճիր էին։ Թուրքիոյ զինուորական ատեանը նախ կատարած է հարցին ըստ էութեան քննարկումը՝ արխիւահաւաք եւայլն, տեսնելու համար, թէ դատական հարց կարելի՞ է յարուցել։ Դատախազութեան կրկնակի ստուգումներէն ետք, դատավարութեան ընթացքին, ամբաստանեալներէն մէկ առ մէկ վկայութիւն ու հաստատում ձեռք բերուած են այն գաղտնի փաստաթուղթերուն եւ հրամանագիրներուն մասին, որոնք արձակուած ու տարածուած են իթթիհատական ղեկավարութեան կողմէ, այսինքն՝ նոյնինքն դատուողներուն կողմէ, առ ի գործադրութիւն Ցեղասպանութեան։
Իր խօսքի յաջորդ բաժինով, փրոֆ. Տատրեան մատնացոյց ըրաւ այլ կարեւոր հանգամանք մը՝ Ցեղասպանութեան ոճիրին իսկական հեղինակներուն ինքնութիւնը։ Ան յայտնեց, թէ այսօր, Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ շատ բան չի տեսնուիր Ցեղասպանութեան կազմակերպման ու գործադրութեան մասին, ու այդ պատճառով ալ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն աշխարհը համոզել, թէ Ցեղասպանութեան մասին հայութեան վերագրումները չափազանցութիւն են կամ անհիմն։ Իրականութիւնը այն է, որ իթթիհատական կուսակցութիւնը, որ տիրացած էր իշխանութեան ու իր ծրագիրները դարձուած էր պետական ծրագիր, կը գործէր երկու մակարդակով՝ ցերեկային ու գիշերային որոշումներու դրութեամբ։ Առերեւոյթ, կառավարութիւնը որոշումներ կու տար ու զանոնք կ՛արձանագրէր ցերեկով, ու այդ արձանագրութեանց մէջ ջարդերու կազմակերպման ու հակահայ արարքներու մասին յիշատակում չկայ, սակայն կար կառավարութենէն մեկուսի գործող փոքր խմբակ մը, կորիզ մը, կուսակցութեան ղեկավար մարմինը, որ գիշերով, ու առանց արձանագրութիւն պահելու, գաղտնօրէն որոշումներ տուած եւ կազմակերպած է Ցեղասպանութիւնը, տարածած՝ անոր գործադրման հրահանգները։ Կորիզը կազմուած էր Թալէաթէն, Ճեմալ Ազմիէն, տոքթ. Նազըմէն եւ Պեհաէտտին Շեքիրէն, որոնք կը հանդիսանան Ցեղասպանութեան՝ հայաջնջումի ու Հայաստանի հայաթափումի գլխաւոր հեղինակները։ Անոնք գործակից ունեցած են զինուորական հրամանատարներ, ոչ առաջնակարգ կուսակցական պաշտօնատարներ, ճանչցուած՝ իբրեւ գրագիրներ, որոնք որոշումներուն կենսագործումը կատարած են ամէնէն անմարդկային միջոցներով ու դաւադրութիւններ նիւթելով։ Օրինակի համար, յատուկ առաքելութեամբ Կարսի շրջանը ղրկուած զինուորական հրամանատար մը՝ Մահմուտ Քամիլ փաշա, այլ զինուորականէ մը՝ Մեհմետ Վեհիպ փաշայէն, որոշ ժամանակ մը իրողապէս խլած է երրորդ բանակի հրամատարութիւնը եւ սկսած է հեռագիրներ տեղացնել Պոլիս՝ կեդրոնական իշխանութեան, գանգատելով, որ հայերը կը դաւաճանեն Թուրքիոյ, կը կռուին ռուսական բանակներուն կողքին ու կռնակէն կը հարուածեն թրքական բանակը, մինչդեռ նման լայնատարած գործողութիւններ չկային այդ շրջանին. այս հեռագիրները վրդովմունք պատճառած են պատերազմական նախարար Էնվեր փաշային, որ Թալէաթի եւ այլ գործակիցներու հետ գործակցաբար յառաջ տարած է հայութեան դէմ ոճրային ծանօթ քաղաքականութիւնը։ Յիշեալ հրամանատարը անձնապէս հսկած է ոճրային ծրագիրներուն գործադրութեան, ի շարս որոնց՝ հայ մանուկներու Սեւ ծովուն մէջ խեղդամահ ըլլալուն։ Տարիներ ետք, ինքզինք իրաւազրկուած ու վարկաբեկուած զգալով՝ բուն հրամանատարը՝ Մահմուտ Քամիլ փաշա, իբրեւ փոխ վրէժի արտայայտութիւն, իր յուշերուն մէջ մերկացուցած է յիշեալ ոճրային դաւը, հաստատելով, որ հայութեան դէմ գործադրուածը հաւաքական ջարդի նախածրագրուած ու յստակ նպատակ հետապնդող դաւ մըն էր իթթիհատականներու ղեկավարութեան կորիզը կազմողներուն կողմէ։ Փրոֆ. Տատրեան յայտնեց այն կարծիքը, թէ այսօր Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է դիտել իր այս յստակութեան մէջ, չպնդել, որ անիկա Թուրքիոյ պետական ծրագիրին արտայայտութիւնն էր, այլ իրազեկ ըլլալ, որ Իթթիհատ կուսակցութիւնը, պետութիւնը ներսէն գրաւելէ ետք, իր կուսակցական դաւադիր ծրագիրները գործադրութեան դրած է իր կազմակերպած միջոցառումներով, կուսակցական ծրագիր մը վերածած է պետական ծրագիրի, ինչպէս որ ըրաւ Գերմանիոյ Նացի կուսակցութիւնը, իր օրերու պետական իշխանութիւնը ձեռքին մէջ կեդրոնացնելէ ետք՝ գործադրելով հրեաներու ջարդը, ծանօթ՝ Ողջակիզում բանաձեւումով։
Վերջին բաժինով, փրոֆ. Տատրեան յայտնեց, որ երբեմն, ցեղասպանական հարցերու նուիրուած խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու ընթացքին, փորձ կը կատարուի իրարու բաղդատել հայերու եւ հրեաներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնները, մինչդեռ անոնք հիմնական գիծերու մէջ անհամեմատելի են, նախ՝ վերոյիշեալ քիչ ծանօթ իրականութեանց լոյսին տակ, ապա նաեւ այն փաստով, որ թուրք զինուորականներ մասնակից եղած են քաղաքական ծրագիրներու մշակման. պետութեան ոճրային քաղաքականութեան մշակումին ու գործադրութեան զինուորականներ մասնակից եղած են ուղղակիօրէն, ինչ որ աննախընթաց իրողութիւն էր, որովհետեւ բանակայիններու առաքելութեան էութիւնն իսկ կ՛արգիլէ միջամտութիւն ու մասնակցութիւն քաղաքական կեանքին։ Աւելին, հրեաներու սպանդը, թէեւ աւելի մեծ թիւով, կատարուած է նուազ վայրագ միջոցներով, օրինակի համար՝ թունաւոր կազերով, որ արագ մահ կը պատճառեն, մինչդեռ հայ կիներու, մանուկներու եւ ծերերու վիճակուած են երկարատեւ տանջանք, ամիսներու վրայ երկարող տառապանք, ի վերջոյ՝ տանջահար մահ, մերթ՝ սովահարութեամբ, ընդհանրապէս նախնական զէնքերու գործածութեամբ ու ծանօթ այլ անմարդկային միջոցներով։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ
Տօնակատարութեան յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին։ Պարային պատկերներով հանդէս եկաւ «Լիլիա» պարային դպրոցի խումբը՝ երկու հանգրուանով. խումբին երիտասարդ անդամները, պարախումբին վարիչին՝ Լիլիա Մարգարեանի գլխաւորութեամբ, գեղեցիկ մատուցումներով խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ, արժանանալով ներկաներուն ծափողջոյններուն։
Երեք երգերով՝ «Զարթի՛ր, որդեակ», «Հայրենի Կարօտ» եւ «Հայրենիքիս հետ», յուզական ու հպարտանքի մթնոլորտ ստեղծեց վաստակաշատ երգչուի Հեղինէ Հարպոյեանը, որուն ջութակի վրայ կ՛ընկերանար Օֆելիա Նանակիւլեան։
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԽՕՍՔԵՐ
Հանդիսութեան աւարտին, սրտի խօսք արտասանեց վերապատուելի Պարգեւ Տարագճեան, ինք ալ այնթապցի մը, որ ողջունեց ներկաներն ու կազմակերպիչները՝ մաղթելով, որ նման պանծալի յուշահանդէսներ կրկնուին յարաճուն յաջողութեամբ։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Այնթապցիներու մշակութային միութեան նախագահ, բազմավաստակ դաստիարակ Երուանդ Պապայեան։ Ան բարձր գնահատեց հանդիսութիւնը կազմակերպող կազմը, ողջունեց փրոֆ. Տատրեանն ու անոր վաստակը, ապա նաեւ շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց հանդիսութիւնը հիւրընկալող սրահի բարերար տէր եւ տիկին Պետրոս Տաղլեան ամոլին, որ սիրայօժար տրամադրած էր սրահը։ Ան գնահատանք ուղղեց միութեան վարչականներուն, որոնք յաջողութեամբ իրագործեցին յայտագիրը։ Վերջապէս, ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Այնթապի հերոսամարտին, զայն կերտող հերոսներուն ու ժողովուրդին, որոնք 90 տարի առաջ հերոսապատումը կերտեցին վեր բարձրանալով մասնակի նկատառումներէ. ան անդրադարձաւ նաեւ մեր օրերու պահանջատէր երիտասարդութեան կեցուածքին, համոզում յայտնեց, որ հայութեան յաղթական երթը պիտի շարունակուի դէպի ազգային նպատակներու իրագործում։
Հանդիսավարը աւարտին բեմ հրաւիրեց Սիփան քհնյ. Մխճեանը, որպէսզի փոխանցէ առաջնորդին սրտի խօսքն ու «Պահպանի»չով կատարէ հանդիսութեան փակումը։ Քահանայ հայրը ընթերցեց Յովնան սրբազանին գրաւոր խօսքը: Սրբազանը յարգանքով կը խոնարհէր հերոսամարտի կերտիչներուն ու հեղինակներուն յիշատակին առջեւ, կ՛անդրադառնար, որ այս հանդիսութենէն քանի մը օր ետք, հայութիւնը պիտի նշէ Ցեղասպանութեան 95րդ տարեդարձը, պիտի վերանորգէ իր ուխտը։
Տէր հօր աղօթքէն ետք, ներկաները միասնաբար երգեցին Այնթապի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտի քայլերգը։ Ապա, անոնք նախասրահին մէջ արժանացան կոկիկ հիւրասիրութեան մը։