ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, Շաբաթ, Ապրիլ 24ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, քաղաքի կեդրոնական ճամբուն եզրին բարձրացող Սասունցի Դաւիթի արձանին քովէն, մինչեւ քաղաքապետարանի շէնքը: Արձանին շուրջ բոլորուած բազմութեան, «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին խօսքը փոխանցեց Լոռի Հաւաթեանը: Ան, անդրադառնալէ ետք ներկայ քաղաքական երեւոյթներու եւ անցքերու, իր խօսքը աւարտեց երգին բառերով.
«Հասել է ժամը, սուրբ Ազատութեան,
Կենալու ժամ չէ, շուտով քալեցէք,
Սիրենք միութիւն, չանենք վատութիւն,
Ունենանք հայեր սուրբ Ազատութիւն»:
Ապա ՀՄԸՄի սկաուտ եւ գայլիկ քոյրերուն եւ եղբայրներուն առաջնորդութեամբ, եւ դրօշակներով, քայլարշաւը սկսաւ դէպի քաղաքապետարանի շէնք, ուր տեղի պիտի ունենար Եռագոյն դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
ԵՌԱԳՈՅՆԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբին, տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է, Ապրիլ 24ին Եռագոյն դրօշը պարզել Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ: Ցեղասպանութեան 95ամեակին, 300է աւելի հայորդիներու ներկայութեամբ եւ ծափողջոյներով, Եռագոյն դրօշը վեր բարձրացաւ եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին շէնքին առջեւ, ամերիկեան դրօշին կողքին, ան սկսաւ ծածանելու՝ հպարտութեան եւ ուրախութեան զգացումներով համակելով ներկաները:
Քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը՝ հանդիսավարութեամբ, քաղաքապետարանի խորհրդատու Անդրէաս Պորճըսի: Քոյր Գայիանէ Աճէմեան երգեց ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները. այս առիթով խօսք առին քաղաքապետարանի անդամներէն Մարք Սքաթ, ծերակուտական Ճիմ Քոսթա, Րաֆֆի Համբարեան, իսկ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Նշան Տէր Գալուստեանը: Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ ընդառաջեն Հայ Դատի յանձնախումբի կոչերուն եւ իւրաքանչիւր հայորդի, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, բանիւ եւ գործով իր լուման դնէ «ազգային գանձանակ»ին մէջ, որովհետեւ՝ «կը զգանք ընդյատակեայ դղրդիւնը եւ մօտալուտ արշալոյսին ծնունդը», ըսաւ ան:
Դրօշակի այս արարողութեան, «Չարլի Քէյեան» վարժարանի աշակերտները, արտասանութեամբ եւ երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին:
Հանդիսութեան աւարտին, կառքով բերուեցաւ 99ամեայ Ճորճ Հաժինեանի մայրը, փոքրիկ ականատեսը 1915ի Մեծ Եղեռնին: Ներկայ բազմութիւնը, աչքերը ծածանող Եռագոյն դրօշին սեւեռած՝ հպարտ քայլերով հեռացաւ քաղաքապետարանի շէնքին առջեւէն:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայց. առաքելական եկեղեցիներուն՝ Ս. Պօղոս, Ս. Երրորդութիւն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Առաջին հայ երիցական, Պանդխտաց հայ ժողովական եկեղեցիներուն, եւ Կեդրոնական Հովիտի Հայ եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասերուն մասնակցութեամբ, Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ս. Պօղոս եկեղեցիին մէջ, խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ 1915ի նահատակներուն հոգեհանգստեան պաշտօնը. արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ ամերիկացի կաթոլիկ համայնքի կրօնապետ Ճան Սթայնպոք: Բոլոր հոգեւորականները, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեհանգսեան արարողութեան, ինչպէս նաեւ միացեալ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Սվետլանա Եփրեմեանի, սքանչելի կերպով մեկնաբանեց հոգեհանգստեան շարականները, թակելով իւրաքանչիւր հայորդիի սիրտն ու հոգին, իսկ երգեհոնահար Քէն Գրիգորեանը, իր յուզիչ նուագներով սրտեր փոթորկեց:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ կից «Հայկ Պէրպէրեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ 95ամեակի յուշահանդէսը:
ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ
Սրահին մէջ ծովածաւալ բազմութիւն մը անձկանօք կը սպասէր թուրք մտաւորական դոկտ. Թաներ Աքչամին. ան հրաւիրուած էր Ցեղասպանութեան 95ամեակի առթիւ իր խօսքը փոխանցելու Ֆրեզնոյի հայ գաղութին:
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշէն քհնյ. Այվազեան, բարի գալուստի խօսքէն ետք, մաղթեց, որ այս յուշահանդէսը վերջինը ըլլայ եւ արար աշխարհ ճանչնայ 1915ի Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար իրաւաբան Վարէն Բապուճեանը, որ վարեց օրուան յայտագիրը: Ան, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց դոկտ. Թաներ Աքչամը: Յարգելի բանախօսը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Թուրքիոյ տարածքին պատահած երեւոյթներուն, հայ ժողովուրդին նկատմամբ թուրք ժողովուրդի ժխտական կեցուածքին, որ խստօրէն պարտադրուած էր բանակին եւ պետութեան կողմէ: Ան ըսաւ, թէ ներկայիս ժողովուրդը անվախօրէն կ՛արտայայտուի եւ նոր սերունդը հարցերուն կը մօտենայ աւելի տրամաբանութեամբ: Այս տարի Ապրիլ 24ի օրը, Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, մտաւորականներ եւ համակիրներ համախմբուած՝ պաստառներ բռնած կը գոչեն. «Այս ցաւը, մե՛ր ցաւն է, եւ կորուստը՝ մե՛ր կորուստը»:
Սրահին բազմութիւնը, յոտնկայս եւ ծափահարութիւններով դիմաւորեց բանախօսին խօսքերը: Այս խանդավառ մթնոլորտին մէջ բեմ բարձրացան «Չարլի Քէյեան» վարժարանի աշակերտները եւ կենդանի պատկերներով ներկայացուցին Պ. Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»ը, Գ. Էմինի «Անպատասխան Հարց»ը եւ Յ. Շիրազի «Հայոց Ճակատագիր»ը, ընդելուզուած «Կոտորած անգութ», «Հայ ենք մենք» եւ «Կիլիկիա» երգերով:
Իսկապէս օգտակար աշխատանք է, որ կը կատարուի վարժարանէն ներս. երկրորդ անգամն է, որ ներկայ կը գտնուինք այս փոքրիկներուն բերած մասնակցութեան հանրային ձեռնարկներու: Անոնք կ՛երգեն եւ կ՛արտասանեն ինքնավստահ եւ զգացումով, իրենց շրթներուն վրայ գեղեցկօրէն եւ հարազատ հնչիւններով կը ծաղկին քերթուածներուն եւ երգերուն բառերը՝ մեծ ուրախութիւն պատճառելով ներկաներուն, ծնողներուն եւ իրենց դաստիարակներուն: Կը շնորհաւորենք տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ կը ցանկանք լաւագոյն յաջողութիւններ մեր նոր սերունդին, որ հասակ կ՛առնէ վարժարանի հայաբոյր մթնոլորտին մէջ:
Վստահ ենք, որ «Հայկ Պէրպէրեան» սրահին մէջ հաւաքուած ծովածաւալ բազմութիւնը, խանդավառ եւ ազգային հպարտանքով հեռացաւ սրահէն:
ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՃԻՒՆԻՆ ԱՌæԵՒ
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կիրակի, Ապրիլ 25ին, կ.ե. ժամը 1:30ին, «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան յանձնախումբի յատուկ կոչին ընդառաջած էին շրջանիս հոգեւորական դասը, միութիւններն ու ժողովուրդը՝ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարելու համար 1930ին վերապատուելի Մանասէ Փափազեանի կողմէ Տէր Զօրէն բերուած անծանօթ հայորդիի մը աճիւնին դամբանաքարին առջեւ:
Բացման խօսքը կատարեց Վարուժան Տէր Սիմոնեանը: Ան ըսաւ. «Պատուելի Մանասէ Փափազեան, թէպէտ կ՛ապրէր հեռու հայրենիքէն եւ նահատակներէն, Տէր Զօրի անապատէն անծանօթ հայորդիի մը աճիւնը բերաւ, որպէսզի միշտ անոնց ներկայութիւնը զգայ իր սրտին եւ հոգիին մէջ»: Ապա հրաւիրեց գերեզմանատան պատասխանատու Ֆրենք Պալէքեանը, որ ներկայացուց գերեզմանատան մէջ կատարուած աշխատանքները եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ օժանդակեն յանձնախումբի աշխատանքներուն: Սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քահանան եւ դպրաց դասը:
Արարողութեան ներկայ էին ՀՄԸՄի սկաուտ եւ գայլիկ քոյրերն ու եղբայրներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայորդիներ, որոնք մոմեր բռնած՝ կը հետեւէին հոգեհանգստեան արարողութեան: Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, ներկաները թափօր կազմած՝ ուղղուեցան «Մասիս» գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենար յուշահանդէս Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին առջեւ:
ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՇՈՒՐæ
Կազմակերպութեամբ շրջանիս «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին շուրջ գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը՝ ներկայութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի, միութիւններու, ընկերներու, ՀՄԸՄի սկաուտ, գայլիկ եղբայրներու եւ մեծ թիւով համակիրներու: Այս առիթով, կոմիտէն հրաւիրած էր Թեհլիրեանի որդին՝ Զաւէնը, որ հօր մահուան 50ամեակին առիթով ներկայ կը գտնուէր յուշահանդէսին: Ան ներկայ էր իր կնոջ, տղուն, հարսին եւ հօրեղբօր աղջկան՝ Հնազանդին, հետ:
Ռոզին Պետրոսեան յուշահանդէսին բացումը կատարելով՝ հրաւիրեց քոյր Գայիանէ Աճէմեանը քայլերգները երգելու:
Կոմիտէին խօսքը արտասանեց հերթապահ Խաչիկ Հաւաթեանը. ան 2010ը նկատեց բախտորոշ տարի մը, որովհետեւ կը զուգադիպի Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան 50րդ, 1915ի Ցեղասպանութեան 95րդ եւ Սեւրի դաշնագրի 80րդ տարեդարձներուն. պատմական իրողութիւններ, որոնք կարեւոր թուականներ են հայ ժողովուրդի պատմութեան համար: Ապա ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այսօր, մեր մէջ ներկայ է Սողոմոն Թեհլիրեանին որդին՝ Զաւէնը՝ իր պարագաներով, եւ իր խօսքը պիտի փոխանցէ Ֆրեզնոյի հայ գաղութի զաւակներուն:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի խօսքը ներկայացուց Սեւակ Ճիէրեանը, շրջանիս պատանիները արտասանութեամբ եւ երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնադաշնակի ընկերակցութեամբ, իսկ Վարուժան Տէր Սիմոնեանը ապրումով արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն Պատարագ»էն հատուածներ:
Ընկերուհի Ռոզինը, ներկայացնելէ ետք օրուան բանախօսը՝ Առաջին հայ երիցական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Մկրտիչ Մելքոնեանը, զայն հրաւիրեց ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելու: Մեծարգոյ հոգեւորականը եռանդով եւ ոգեւորութեամբ պատմեց, թէ ինչպէս պատանեկութեան տարիներուն, Հալէպի մէջ կը մասնակցէր Ապրիլ 24ի յուշահանդէսներու, ապա ան իր մտածումները ամփոփեց երկու հիմնական բառերու մէջ՝ «Հող եւ Հաւատք», զորս հայ ժողովուրդի գոյատեւման կարեւոր գրաւականները նկատեց:
Ծափերուն մէջ ոտքի ելաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի որդին՝ հօր եւ մօր յուշարձանին առջեւ իր խօսքը ըսելու. ան պատմեց մանկութեան տարիներու յուշերէն, Պելկրատէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն, հօր եւ ընտանեկան անցեալէն, եւ ըսաւ. «Հայրս շատ բարի մարդ էր», ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այսօր կը գտնուի Ֆրեզնօ, իր հօր եւ մօր յուշարձանին առջեւ:
Ընկերուհի Ռոզինը յատագիրի աւարտին հրաւիրեց շրջանիս մէջ ընկերային հաւաքները իր երգերով խանդավառող եւ ծաղկեցնող Հրաչ Յովսէփեանը, որ «Վէրքերով լի» երգով փակէ այս յուշահանդէսը:
Յուշահանդէսի ընթացքին, ժողովուրդին բաժնուեցաւ Սարգիս Փանոսեանի պատրաստած եւ Մհեր Շխրտմեանի կողմէ անգլերէնի թարգմանուած «Նեմեսիս Գործողութիւնը» եւ «Վրիժառու Հայորդիները» գրքոյկը, որուն հրատարակութիւնը կատարեցին «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը:
Ապրիլեան այս օրերուն, ուրախալի եւ սրտապնդող երեւոյթ էր համախմբուած տեսնել Ֆրեզնոյի հայ գաղութին զաւակները, որոնք միասնաբար եւ անկեղծ սրտով, եկեղեցիներու, սրահներու եւ գերեզմանատուներու մէջ ոգեկոչեցին 1915ի Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Թող արար աշխարհ իմանայ, որ հայ ժողովուրդը քաղաքակիրթ ազգերէն կը պահանջէ եւ պիտի պահանջէ արդարութիւն՝ տարիներով ոտնակոխուած իր իրաւունքներուն համար, եւ երբ մենք, այսպէս, մէկ հոգի ու սիրտ ենք, վստահաբար՝ «Մենք պիտի հասնիք սրբազան լերան կատարին»: