ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն Կարօ Հէքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 27ին ՀՅԴի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի, հանդիպում մը ունեցած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի հետ: Պատուիրակութեան միւս անդամներն էին՝ Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէէն՝ Գէորգ Տօլմաճեան, Տիանա Իթութմազեան-Պոյաճեան, եւ Մոնթեվիտէոյի «Վռամեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արփին Հոճաճանեան:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ուր Մ. Նալպանտեան նախ շնորհաւորեց նորանշանակ նախարարը՝ մաղթելով անոր յաջողութիւն, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրուկուէյի կառավարութեան եւ պետութեան, Հայ Դատի վերաբերեալ իրենց ցուցաբերած յարատեւ զօրակցութեան համար, յատկապէս յիշելով այն պատմական տարին՝ 1965ը, երբ Ուրուկուէյի խորհրդարանը առաջինը հանդիսացաւ ճանչնալով եւ դատապարտելով Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը:
Նախարարը իր կարգին վերահաստատեց իր երկրին ու կառավարութեան զօրակցութիւնը՝ աւելցնելով, թէ այդ մէկը հայ ժողովուրդի արդար դատն է, եւ շեշտեց, որ Ուրուկուէյը պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր այդ որդեգրած քաղաքական գիծին:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը հետաքրքրուեցաւ Հարաւային Կովկասի հարցով, որուն ծիրէն ներս Մարիօ Նալպատեան լայն բացատրութիւններ տուաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, ԼՂՀ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար տարուող աշխատանքներուն մասին, ի մասնաւորի՝ լուսաբանութիւններ փոխանցելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործըթացին եւ վերջերս նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրին մասին:
Հանդիպման աւարտին նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստան այցելելու: