ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տպագրութեան գիւտին զուգահեռ, հետզհետէ նուազեցաւ ձեռագիրներու ընդօրինակութեան թանկագին, բայց դժուարին աշխատանքը: Հայկական վանքերու մէջ, վանականներու եւ աշխարհական ծաղկողներու կողմէ ընդօրինակուած եւ մանրանկարուած հազարաւոր ձեռագիր մատեանները, անցեալ քաղաքակրթութեան մասին կը պատմեն, ու ներկայ աշխարհի մասնագէտ ուսումնասիրողին թէ սովորական դիտողին հիացում կը պատճառեն:
Ձեռագիրներու գրութեան շրջանին, հեղինակին թէ ընդօրինակողին տքնաջան աշխատանքը, փետրագրիչը կաղամարին մէջ թաթխելով մագաղաթի վրայ արձանագրելը, սովորական մարդու գործ չէր: Յատուկ կերպով անձեր կը պատրաստուէին այս արուեստին համար:
Դեռ թուղթի գիւտէն առաջ, իբրեւ էջ գործածուելիք մագաղաթները, մասնաւոր անձերու կողմէ կը պատրաստուէին հորթի կաշիէն, ապագայ մատեանին մէջ բարակ ու ճկուն էջեր ունենալու հեռանկարով:
Աւելի ուշ, թուղթի գիւտէն ու տպագրութեան ծաւալուն գործունէութենէն ետք ալ, ընթերցանութիւնը առանձնաշնորհը պիտի դառնար ընկերութեան որոշ խաւին: Գաւառներու լուսաւորութիւնը, ու դեռ իգական սեռին ուսում ստանալը ու այլ ընկերային բնոյթի հարցեր, որոշ մարդոց ձեռքին մէջ կը մնային «պատանդ», որուն համար պատասխանատու պէտք է նկատել ամբողջապէս չքաղաքակրթուած մարդկային ընկերութիւնը: Այդ արգելքը կու գար նաեւ հեթանոսական թէ քրիստոնէական նախկին ժամանակաշրջաններու ըմբռնումներէն, յատկապէս ընկերային անհաւասարութենէ պատճառուող, կամ՝ դասակարգային ընկալուած տարբերութիւններու պարտադիր բաժանումներէն:
Հայ գրականութենէն կարելի է քաղել այնպիսի հատուածներ, յատկապէս գեղջկական կամ գաւառական կեանքը ներկայացնող վէպերէն, ուր յատուկ կերպարներով կը ներկայացուին գիւղի քահանան, տիրացուն, դպրոցի վարժապետը կամ եկեղեցւոյ ժամկոչը, որոնք կը զատորոշուէին սովորական գիւղացիներէն իրենց գրաճանաչութեամբ:
Վերոյիշեալ անձերու օժանդակութեան կը դիմէին գիւղացիները, թէ՛ նամակի ստացման պարագային՝ կարդացնելու համար եկած նամակը, եւ թէ նամակ գրելու համար: Պէտք էր այնտեղ ըլլալ, տեսնելու համար այդ գիւղացիներուն դէմքին արտայայտութիւնները, եկած նամակը գրաճանաչներէն մէկուն կողմէ ընթերցուած պահուն: Ուրախ թէ տխուր դէպքերու համապատասխան դիմագծային արտայայտութիւնները, յուզումնախառն ապրումներու բարացուցիչ կը դառնային:
Քաղաքակրթութեան զարգացման հետ զուգահեռ զարգացաւ նաեւ մարդը, դպրոցներու հաստատումով, կրթութեան ու գիտութեան լոյսը համահաւասար կերպով ազատին եւ ոչ ազատին մատուցումով, ու այլ միջոցներով, ինչպէս՝ ընթերցումի ճամբով ինքնաշխատութիւն: Մեր նախկին գրագէտներուն մէջ եղած են դէմքեր, որոնք մասնաւոր բարձրագոյն կրթութիւն չեն տեսած, այլ սովորական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալով՝ ինքնաշխատութեամբ զարգացած ու գրական փորձեր կատարելով հասած են գեղարուեստական գրականութեան մէջ համբաւաւոր անուն ունենալու պատիւին:
Աւելի նոր ժամանակաշրջաններու կը պատկանին գրասենեկային յարմարութիւնները զանազան հաստատութեանց մէջ: Նախապէս արքունական դիւաններու գրագիրներու հեղինակաւոր պաշտօնը, ներկայիս ամէնէն սովորական հիմնարկը, երբեմն խանութը ունի, եթէ ոչ գրագիրի, գէթ հաշուապահի գործ կատարող մասնաւոր պաշտօնեայ:
1868ին առաջին անգամ ըլլալով, Միլուոքիի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, յղացուեցաւ գրամեքենայի գաղափարը, որ 1874-78 իրականացուելով՝ մեծապէս դիւրացուց գրասենեկային աշխատանքները, թեթեւցնելով քարտուղարներու հոգեմաշ աշխատանքը: Հարուածային այս մեքենան, որ առաջին առիթով 5000 օրինակով հրապարակ դրուած էր, հետզհետէ կատարելագործուեցաւ, նրբացաւ, տառերու աւելի ընթեռնելի տեսակներ որդեգրեց, ու բազմաթիւ այլ գործարաններու կողմէ արտադրութեան դրուեցաւ՝ մեծ շուկայ գտնելով:
Մեքենագրութիւնը հետզհետէ դարձաւ «կարողութիւն»ը յատուկ մարդոց, որոնք մասնաւոր դասընթացքներու կը հետեւէին: Տակաւին մէկ սերունդ առաջ, մեքենագրութիւն գիտցող քարտուղարներն ու յատկապէս քարտուղարուհիներու աշխատանքը աւելի բարձր կը գնահատուէր, քան սովորական գրագիրի կամ տոմարակալի պաշտօնը կատարող անձը:
Այսօր աշխարհը լեցուն է անսպառ մեքենագրողներով…:
Համակարգիչի միջոցաւ համացանցի օգտագործումը, ամբողջ մարդկութիւնը պարտադրաբար մեքենագրող կամաւոր պաշտօնեայ դարձուց: Տարիքի ու սեռի խտրութիւն չմնաց: Ալեւորն ու պատանին, նոյնիսկ հազիւ իր մայրենի լեզուն թոթովող մանուկը, նախօրօք սորված կ՛ըլլայ արդէն համակարգիչի լեզուն…: Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, ո՛չ ոք կրնայ բացատրութիւն տալ: Համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ անգիտակից հարուածներով «կը մեքենագրէ» նաեւ մանուկը՝ տակաւին իր լեզուին տառերը չճանչցած…: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս աշխարհէն դուրս չի՛ կրնար մնալ: Որովհետեւ աշխա՛րհը ամբողջ մեքենագրութեան բռնուած է, ուստի ի՛նք ալ պէտք է մեքենագրէ:
Այս մեքենագրութիւնը, զոր համացանցի ճամբով կը կատարէ այսօր մարդկութիւնը, անպայման գործի համար չէ՛, ոչ ալ միայն անձի աշխատանքին մաս կը կազմէ: Անիկա հաղորդակցութեան միջոց է, որուն նիւթը անձէ անձ, հարցէ հարց կը տարբերի: Մեքենագրուած այդ հաղորդակցութեանց մէջ կրնան ըլլալ դրական ու ժխտական լուրեր, անձնական եւ երբեմն շատ գաղտնի տեղեկութիւններ, բացատրութիւններ, սէր եւ ատելութիւն, գովասանք ու պարսաւ, գնահատանք եւ քննադատութիւն, մեծարանք ու բամբասանք, մէկ խօսքով՝ ամէն տեսակի նիւթ, որ նախապէս բերանացի կը փոխանցուէր, ներկայիս կը մեքենագրուի: Այս կերպը ոմանք աւելի կը նախընտրեն, թերեւս անոր համար, որ աւելի մտածելու առիթ կու տայ, եւ կամ ամօթխածութեան վարագոյր դառնալով՝ յանդգնութիւն կը ներշնչէ մեքենագրողին:
Մեքենագրութիւնը աժանցաւ, նաեւ կորսնցնելով յատուկ անձերու առանձնաշնորհը ըլլալու հանգամանքը: Իսկ պարտադրաբար մեքենագրութիւն սորված ու առանց մասնաւոր ուսուցիչի օժանդակութեան զայն կիրարկող նոր մեքենագրողներուն արծարծած նիւթերը, ողողեցին մարդու բարոյական աշխարհի անտակ աւազանը: Անոր ջուրերը մերթ պղտոր, եւ մերթ ջինջ կը դառնան, համաձայն անոր նիւթ մատակարարող «մեքենագրող պաշտօնեայ»ի տրամադրութեան ու դիտումներուն:
Աշխարհի մեքենագրողներուն մաս կը կազմես անպայման: Եթէ ոչ՝ արդէն կը պատկանիս այն սերունդին, որ իր աշխատանքը աւարտած է այս մոլորակին վրայ, ու նոր հեռանկարներ կը հետապնդէ հաւատքով: Առաքինութի՛ւն մեքենագրէ եւ կատարած աշխատանքդ արժէք պիտի ունենայ ապագային, ու բարոյականի բարձր գինով «պիտի վաճառուի» յաւիտենականութեան մէջ: