ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի աշխատանք կը տանի Իրանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում մը իրականացնելու:
Երկուշաբթի, Ապրիլ 19ին, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Մոթթաքի յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան արդէն իսկ դրական պատասխան մը տուած է նման հանդիպման մը մասնակցելու առաջարկին, սակայն Հայաստանէն տակաւին պատասխան չէ ստացուած:
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»ի լրագրողին, Մոթթաքի պատրաստակամութիւն յայտնած է պաշտպանելու Ատրպէյճանի «արդար դիրքը», յուսալով, որ տագնապը կարելի կ՛ըլլայ խաղաղ միջոցներով լուծել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Զգոյշ, այս լուրէն։ Մոթթաքին կը փոխադարձնէ թուրքիոյ բերած լաւութիւնը ի նպաստ Իրանի հիւլիական ծրագրին՝ ընդդեմ Միացեալ Նահանքներու.