ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբի անդամներուն մտավախութեան հիմնաւորուած ըլլալը տխուր կերպով փաստուեցաւ Երեքշաբթի օրուան ընտրութիւններուն, երբ 43րդ ընտրատարածքին մէջ հայազգի նախկին ընտրեալ Փօլ Գրիգորեանի թափուր տեղը մէկ այլ հայ գործիչով մը փոխարինելու փորձը ձախողեցաւ: Երկու հայ թեկնածուները միասնաբար հաւաքած էին աւելի շատ քուէ, քան վերաքուէարկութեան ներկայանալու իրաւունք շահող դեմոկրատ եւ հանրապետական ոչ-հայ թեկնածուները:
Արդարեւ, ընտրարշաւի մէջ մնալու իրաւունքը շահած Մայք Կաթօն (դեմոկրատ) ապահովեց 10,584 քուէ, հանրապետական Սանտըր Րամանին՝ 10,403 քուէ, Նայիրի Նահապետեանը՝ 7298 քուէ, իսկ Շահէ Քէօրօղլեանը՝ 4444 քուէ:
Այս ընտրութեան հայ քուէարկողներու տոկոսային մասնակցութիւնը եղած է 30 առ հարիւր, որ եթէ կեդրոնանար մէկ թեկնածուի վրայ, ապա վստահաբար զայն պիտի հասցնէր յաղթանակի: Չանսալով իրեն ուղղուած յորդորներուն՝ ընտրուելու նուազ հնարաւորութիւն ունեցող Շահէ Քէօրօղլեանը շարունակեց մնալ ընտրապայքարին մէջ:
Հայ թեկնածուներուն մրցակցութիւնը նաեւ յատկանշուեցաւ փոխադարձ ցեխարձակումներով, որոնք խստօրէն քննադատուեցան Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբի գործիչներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.