ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը, որ կը շարունակուի շուրջ կէս դարէ ի վեր, որուն մասնակից ենք որպէս դերակատար կամ զգացական հանդիսատես, տարիներու թաւալման հետ
պարպուեցաւ իր միջուկէն, էութենէն, վերածուեցաւ ճառի, գիրքի,
ցուցադրութեան, հայկական համայնքներու ինքնահաստատման թափահարումներու, ինքնամխիթարութեան տեսակ մը որոնումի:
Ինչո՞ւ կ՛ուզենք, որ աշխարհ եւ Թուրքիա ճանչնան հայոց դէմ
գործուած ցեղասպանութիւնը:
Գէթ կ՚ըսե՞նք, որ ազգ մը ամբողջ ենթարկուեցաւ յոռեգոյն ոճիրին, որ հայրենահանումն էր, այդ ազգի ճակատագիրը դրոշմելով անվերադարձ ըլլալու կոչուած կնիքով: Իսկ այդ անվերադարձը մենք ընդունա՞ծ ենք գործնապաշտութեան եւ «պրագմատիզմ»ի բարբաջանքով, Հայաստանի Հանրապետութիւն թէ սփիւռքներ:
Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ձեռք բերուած յաջողութիւնները տեղ մը կ՛արձանագրե՞ն, արձանագրեցի՞ն հայրենահանման ոճիրը, որ ազգ մը մահուան կը դատապարտէ: Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր նախաձեռնութիւններուն եւ աղմկարարութեան մէջ, Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչեւ աշխարհի մեծ ու փոքրիկ մայրաքաղաքները, մէկ հատիկ բառ կը լսուի՞ հայրենահանման ոճիրի մասին: Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օտարներու կողմէ եղած արտայայտութիւնները, մեր ճառերը, գիտուն մարդոց վերլուծումները կը շրջանցեն հայրենահանումը, այդ ծեքծեքումը կը համարեն իմաստութիւն կամ դիւանագիտութիւն: Եւ հանդիսատես կ՛ըլլանք ծէսերու, սաղմոսի պէս կրկնուող շատախօսութիւններու, որոնք այլեւս չեն ծառայեր հայոց ազգային դատին, այլ՝ չեղածի համար լուսապսակ ձեռք բերելու կարգ մը անձերու կամ ծագումով հայերու բեմադրութեան:
Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան, ճիշդ է: Տեսակ մը անվնաս վրէժխնդրութիւն, որ մեզ ալ չ՛անհանգստացներ: Բայց ի՞նչ շահ կ՛ապահովէ հայ ազգին, որ տեսականօրէն մէկ է ի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Նոյնքան տեսակ մը անվնաս նպարավաճառային վրէժխնդրութիւն է Ցեղասպանութեան ճանաչման ընկերակցող հատուցման անորոշ ճառը: Կշիռքի մէկ նժարին վրայ դրուած հայրենահանման դիմաց միւս նժարին վրայ դրուած հատուցումը ի՞նչ բան է՝ ազգի տեսանկիւնէ: Մեր եւ մեր բարեկամներու ճառերը, քաղաքական եւ պետական անձերու հնչեղ խօսքերը, ամէն տեղ կրկնուող եւ ծէսի նմանող գիտաժողովները կը պատահի՞, պատահա՞ծ է, որ այս մասին խօսք ըսեն:
Միակ յստակ արտայայտութիւնը, անցնող կէս դարու ընթացքին, Ծիծեռնակաբերդէն հնչած ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ աղաղակն էր, որուն Սփիւռքը արձագանգեց ժամանակ մը, խրուելէ առաջ աջի եւ ձախի հզօրներու խաղի ճախճախուտին մէջ, ուր կը կրկնուի որ սահմանները անբռնաբարելի են: Եւ կարծէք լուռ համախոհութեամբ մենք ալ ընդգրկուեցանք այդ խաղին մէջ, հանգրուանային կոչուած չիմաստութեամբ, ըստ որուն նախ թող ճանչնան ցեղասպանութիւնը, յետոյ կը տեսնենք: Այս քաղաքական միամտութիւնը դեռ կը շարունակուի, ասդին անդին քուէարկուած ճանաչումները կը ծափահարենք, կը մխիթարուինք, կեր կը հայթայթենք ամբոխային սնապարծութեան:
Գրեթէ դար անցած է հայրենահանումէն ի վեր:
Այսօր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ունի՞նք, միջազգային ընտանիքը նման հարց ունի՞ իր օրակարգին վրայ, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ունի՞ իր օրակարգին եւ յարաբերութիւններուն մէջ: Իսկ այսօր ի՞նչ բովանդակութիւն կու տանք այդ հարցին: Այս յստակեցումը չէ եղած, եւ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ կամ ուսումնասիրող ինք կը ճշդէ այդ բովանդակութիւնը եւ ըստ այնմ կը խօսի: Կարեւորը այն է որ սրահը յուզուի եւ ճառախօսը տպաւորէ…
Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք կնքուած դաշնագրերը եւ համաձայնութիւնները ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ գոյութիւն ունէր, որ դադրեցաւ որպէս այդպիսին գոյութիւն ունենալէ Խորհրդային Միութեան ստեղծումէն մինչեւ փլուզումը ստեղծուած սառցային վիճակին մէջ, եւ այսօր կը տեւէ սովորամոլութեամբ եւ կատարուած իրողութեամբ: Միջոցին հրապարակ նետուեցաւ ՀԱՅ ԴԱՏի հետապնդումը, Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովին ներկայացուած զոյգ յուշագրերով, եւ ապա ՄԱԿի ներկայացուած յուշագրերով: Բայց ՀԱՅ ԴԱՏը որպէս այդպիսին ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ իրաւական ատեանի առջեւ արձանագրուեցաւ: Ոչ մէկ դատարան յարուցուած դատի մը թղթածրարը ունի:
Իսկ մենք, առաջին հերթին, եւ միջազգային համայնքը, մշակեցինք եւ ընդունեցանք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ազգային տեսանկիւնէ վնասակար շփոթը, որ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ կ՛արձանագրէ պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ եւ ընթացիկ կը դառնայ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ բանաձեւումը, որ հայ ժողովուրդի իրաւազրկման ընդունուած վկայութիւնն է:
Հայրենահանուած ժողովուրդին պէտք է ըսեն, յստակութեամբ, միջազգային համայնքը եւ մեր ղեկավարութիւնները, որ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ այլեւս սոսկ ՊԱՏՄԱԿԱ՞Ն ՀԱՅԱՍՏԱՆ է թէ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ: Առանց այս հիմնական ճշդումին, յստակեցման, ցեղասպանութեան ճանաչումը բախտաւոր պարագային պիտի ծառայէ հայութեան բեկորներու միջեւ անբովանդակ հասարակ յայտարար մը ըլլալու, անհետեւանք, ոչ ապագայակերտ:
Մեսրոպ Մաշտոց հայերէն այբուբեն ստեղծեց, որպէսզի, իր բառերով, ժողովուրդը չխօսի ՄՈՒՐԱՑԱԾՈՅ բարբառով: Այսօր մեր ժողովուրդը իր ազգային եւ պատմական իրաւունքին տէր պիտի կանգնի՞ այնպէս, որ ան չըլլայ ՄՈՒՐԱՑԱԾՈՅ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ…
Տեղ մը, պահու մը, հիմնական եւ հիմնարար յստակեցումներ պէտք են, բիզնեսային եւ էսթէպլիշմընթային իրարանցումներէ առաջ, ցուցաբերելով վերդասակարգային, վերհամայնքային, վերկուսակցական, վերքաղաքական վերաբերում եւ արիութիւն: Այդ կ՛ըլլայ իսկական հայրենասիրութիւն եւ ապագայատեսութիւն, որոնք կը պատրաստեն ոչ թէ ազգի անմիջական ներկան եւ պատմութիւնը, այլ դարերու դիմաց կանգնելու ի վիճակի ապագան:
Յակոբ Պալեան, խմբագիրն է «Բագին» գրական հանդէսին:
Շատ ճիշտ էք, եւ ամբողջովին համաձայն եմ ձեր հետ։
janatchel isg hedo??