էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր օրաթերթի աշխատակից Ճորճ Ատուրեան հարցազրոյց մը ունեցաւ շարժապատկերի բեմադրիչ Քրիստոֆըր Պօղոսեանի հետ, որ վերջերս սկսած է նոր ժապաւէնի մը՝ հանրութեան վկայութեամբ՝ իւրայատուկ ձեւով պատրաստութեան, սկսած բեմագրութենէն, հասնելով մինչեւ նկարահանում, followmyfilm.com համացանցային կայքին միջոցաւ:
Ստորեւ՝ սոյն անգլերէնով հարցազրոյցը՝ թարգմանաբար.

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ո՞վ է Քրիստոֆըր Պօղոսեանը:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- (Ծիծաղ) Այդ է, զոր կը փորձեմ գիտնալ այսքան ատենէ ի վեր: Ծնած եմ Կլենտէյլ եւ յաճախած եմ տեղւոյն հանրային վարժարաններ: Այդ իսկ պատճառով, հայերէնս տկար է, «Քիչիկ մը հայերէն կը խօսիմ, բայց շատ չէ», (հայերէնով-Խմբ.): Այդ ժամանակաշրջանին (այժմ 35 տարեկան եմ) Կլենտէյլի մէջ ոչ ոք գիտէր, թէ ինչ ըսել է «հայ», իսկ այսօր չկայ անձ մը, որ չիմանայ, թէ ի՛նչ բան է «հայ»ը:
Հօրս ծնողները Արեւմտեան Հայաստանէն են. Ցեղասպանութեան ժամանակ իրենց երեք զաւակները կորսնցուցին. ուրեմն, տեղահան ըլլալէ ետք կ՛երթան եւ կը հաստատուին Պաղտատ, իրաք: Հայրս՝ ընտանիքին կրտսերը, ծնած է Պաղտատ: Իրաքի մէջ բարեկեցիկ կեանք մը ապրելէ ետք հայրս կը հետեւի իր երկու երէց եղբայրներուն եւ 1957ին կու գայ Քալիֆորնիա, նախ կը հաստատուի Սան Ֆրանսիսքօ, ապա՝ Կլենտէյլ:
Իսկ ես, երկրորդական ուսումս աւարտելէ ետք, յաճախեցի Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ համալսարանը՝ հետեւելով Թատրոնի արուեստի եւ ընկերաբանութեան ճիւղերուն: Ապա վերադարձայ Կլենտէյլ եւ որոշ շրջան մը դասաւանդեցի իմ նախկին վարժարանէս ներս: 2003ին աւարտեցի «Ֆուլըր Աստուածաբանութեան վարժարանը» (Fuller Theological Seminary, Փասատինա), Աստուածաբանութեան մէջ «Մասթըրզ»ի տիտղոսով: Յաճախած եմ նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի փաստաբանական դպրոցը, սակայն զայն չեմ աւարտած:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ այդ բոլոր ուսումներէն ետք եւ իրարմէ շատ տարբեր հետաքրքրութիւններով, որոշեցիք հետապնդել ֆիլմի բեմադրութեան արուեստն ու ասպարէզը, եւ ի՞նչ իրագործումներ ունեցած էք մինչ օրս:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- (Ծիծաղ) Այդ բոլորէն ետք, հակառակ անոր, որ ընտանիքիս մէջ արուեստով հետաքրքրուող անձ չկար, եւ որ ես չէի գիտեր, թէ արուեստը կրնայ մարդու մը լուրջ ասպարէզը ըլլալ, անդրադառձայ, թէ ստեղծագործելու ծարաւը ունիմ ու որոշեցի այդ ուղղութեամբ քայլեր առնել, առ այդ՝ գրեցի եւ բեմադրեցի երեք կարճ շարժապատկերներ, եւ վերջերս աւարտեցի երկար ֆիլմի բեմագրութիւնը (screenplay)՝ «Թու Կըրլզ» խորագիրով: Իսկ այժմ կ՛աշխատիմ գրելու իմ երկրորդ բեմագրութիւնս, որուն կարելի է հետեւիլ followmyfilm.com կայքով:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչն է որ ձեզ մղեց ձեր առաջին ֆիլմը՝ «Ֆէյտ Թու Ռետ»ը (Fade To Red) իրագործելու: Ինչպէ՞ս յղացաք անոր գաղափարը, ապա նաեւ քաջութիւնը՝ այդպիսի մեծ քայլ մը առնելու:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Փաստաբանական դպրոցը ձգելէ ետք, երեք տարի շարունակ կարդացի, ուսումնասիրութիւններ կատարեցի ֆիլմարուեստի մասին -ես շարժապատկերի բեմադրութեան դպրոց կամ համալսարան չեմ յաճախած- եւ բաւական խորանալէ ետք, անդրադարձայ, որ ոչ մէկ ֆիլմ բեմադրած եմ: Բեմադրիչ ըլլալու համար պէտք է ֆիլմ բեմադրած ըլլաս (ծիծաղ): Ապա նկատեցի, որ երկու հիմնական հարցեր ունիմ, առաջին՝ գաղափարներս շատ բարդ են արտադրութեան իմաստով, եւ միւս կողմէ՝ «միջակութենէ» ահաւոր վախ մը ունէի, կը վախնայի, որ ֆիլմերս կրնան անիմաստ ըլլալ: Իբրեւ սկսնակ բեմադրիչ, պէտք է պարզ եւ իրագործելի ծրագիրներով սկսիլ: Առաջին հարցը՝ «բարդութեան» հարցը, համեմատաբար դիւրին էր, կարելի էր հաշտուիլ անոր հետ. պարզապէս պէտք է բեմադրել այնպիսի ֆիլմ մը, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ յարկաբաժինիս մէջ, մէկ կամ երկու դերասանով (ծիծաղ): Իսկ երկրորդ հարցը՝ «վախն» էր. պէտք էր յաղթահարել զայն եւ, պարզապէս, պէտք է ֆիլմը նկարահանել, կարեւոր չէ, թէ անիկա լաւ է կամ վատ. հոգ չէ, պարզապէս իրագործէ՛: Նոյնիսկ եթէ «քամերա»ն տեղաւորեմ դիմացս եւ ինքզինքս նկարեմ ընթրիքի ժամանակ, ֆիլմ մը նկարահանած կ՛ըլլամ: Ահա այս էր թիրախը: Երբ հասայ այն կէտին, ուր արտօնեցի իմ անձիս վատորակ ֆիլմեր նկարահանել, ազատութեան զգացում մը ապրեցայ. պարզապէս ֆիլմ իրակացնելը զիս ազատեց բոլոր կաշկանդումներէս եւ վերոյիշեալ երկու հարցերէն: Իրականութեան մէջ, նոյն տարին երկու Ֆիլմ նկարահանեցի:

ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ի՞նչ են խորագիրները այդ ֆիլմերուն:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Առաջինը, ինչպէս ըսինք, կը կոչուէր «Ֆէյտ Թու Ռետ», իսկ երկրորդը՝ «Ֆըրսթ Լայթ» (First Light): Այս երկու ֆիլմերն ալ ընդունուեցան եւ ներկայացուեցան «Արփա» միջազգային ֆիլմի փառատօնին (AFFMA), ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի հայկական փառատօնին: Անցեալ տարի նկարահանեցի «Ճասմին Էնտ Ճոզեֆին» (Jasmine & Josephine) Ֆիլմը, որուն աստղերէն մէկը մեծ մայրս է: Ֆիլմը ուղարկած եմ փառատօններու եւ անոնցմէ պատասխան կը սպասեմ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Վստահաբար մտածած էք երկար ժապաւէն մը նկարահանելու մասին. որեւէ աշխատանք տարա՞ծ էք այդ ուղղութեամբ:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Այո՛, անցեալ տարի, հինգ ամիս տեւող աշխատանքէ ետք, աւարտեցի բեմագրութեան մը գրութիւնը, որուն խորագիրն է «Թու Կըրլզ» (Two Girls):
Սակայն նկատի ունենալով անոր ծախսալից ըլլալու հանգամանքը՝ զայն մէկդի դրած եմ:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Իսկ այժմ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք: Յաջորդ ֆիլմ մը կա՞յ հորիզոնի վրայ:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Քանի մը ամիս առաջ գաղափարը ունեցայ միայն երեք վայրերու՝ յարկաբաժինիս, ընկերոջ մը յարկաբաժինին եւ վարսայարդարանոցի մը մէջ տեղի ունեցող պատմութեան մը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարելի է զայն իրականացնել նուազ միջոցներով. կարեւորը պատմութեան եւ կերպարներուն զգացումներն ու ապրումներն են, եւ ոչ թէ վայրերը, ուր անոնք կը նկարուին:

Հետաքրքրական բաժինը այս ծրագրին այն է, որ հանրութիւնը, իմ followmyfilm.com կայքի «պլոկ»ի (blog) ճամբով կրնայ մանրամասնօրէն հետեւիլ ֆիլմի աշխատանքներուս՝ սկսած բեմագրութենէն, անցնելով նկարահանումէն եւ հասնելով մինչեւ աւարտած ֆիլմի պաստառի վրայ ցուցադրութեան:
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեզի, ձեր ծրագիրներուն գծով:
ՔՐԻՍՏՈՖԸՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն «Ասպարէզ»ին՝ այս հարցազրոյցին առիթը ընծայելուն համար:
—————————————————————————————————————–
Ատոմ Էկոյեանի «Քլօէ» Ժապաւէնը
Սահմանափակ թիւով սրահներու մէջ է արդէն Ատոմ Էկոյեանի «Քլօէ» (Chloe) շարժապատկերը:
Էկոյեան յաջողած է այս ֆիլմին համար ի մի բերել երեք հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասաններ՝ Ճիւլեըն Մուր, Լիամ Նիսըն եւ Ամանտա Սէյֆրիտ:
Ժապաւէնի խտացուած պատմութիւնը.
Քաթրինը բժիշկ է, իսկ Տէյվիտը՝ դասախօս: Առաջին նայուածքով, անոնք երջանիկ ամուսնական կեանքով ու կատարեալ ամոլի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն:
Տէյվիտ Նիւ Եորքէն տուն վերադարձին կը կորսնցնէ իր թռիչքը, որուն հետեւանքով, անոր կինը՝ Քաթրինը, որ իրեն համար անակնկալ տարեդարձի հաւաքոյթ մը պատրաստած էր, կ՛իյնայ յուսախաբութեան գիրկը եւ մէկդի դնելով ամէն կասկած եւ մտատանջութիւն՝ կը շարունակէ հիւրասիրել իր հիւրերը:
Քաթրինի երկար ժամանակէ ի վեր եռացող կասկածները կը սկսին անհակակշռելի դառնալու: Անհաւատարմութեան կասկածով տարուած՝ Քաթրին կ՛որոշէ պոռնիկ մը վարձել (Քլօէ-ն) եւ անոր միջոցաւ փորձել իր ամուսնոյն հաւատարմութիւնը: Քաթրին ինքզինք կը գտնէ Քլօէի եւ իր ամուսնոյն հանդիպումները բեմադրելու վիճակի մէջ: Հետզհետէ երկու կիներու հանդիպումներն ու զրոյցները կ՛ըլլան յաճախակի, անսանձ եւ անզուսպ:
Ատոմ Էկոյեանի Ֆիլմերէն են.
«Ատօրէյշըն» (Adoration), (2008)
«Ուեր Տը Թրութ Լայզ» (Where the Truth Lies), (2005)
«Արարատ» (Ararat) (2002)
«Քլօզ» (Close), (2001)
«Ֆելիսիազ Ճըրնի» (Felicia’s Journey), (1999)
«Տը Սուիթ Հիրաֆթըր» (The Sweet Hereafter), (1997)
«Է Փորթրեթ աֆ Արշիլ» (A Portrait of Arshile), (1995)
«Էկզօթիքա» (Exotica), (1994)
«Քալենտըր» (Calendar), (1993)
«Տը Ըտժասթըր» (The Adjuster), (1991)
«Սփիքինկ Փարթս» (Speaking Parts), (1989)
«Ֆեմիլի Վիուինկ» (Family Viewing), (1987)
«Նէքսթ աֆ Քին» (Next of Kin) (1984)