ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին երէկ Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն Ապրիլին: Դեսպանին խօսքով, համանախագահները տարածաշրջան պիտի այցելեն գործող ներկայ կազմով, որուն մաս կը կազմեն Եուրի Մերզլեաքով, Պեռնար Ֆասիէ եւ Ռապըրթ Պրատթքի:
«Ասիկա պիտի ըլլայ Եուրի Մերզլեաքովի տարածաշրջան վերջին այցելութիւնը իբրեւ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ», ըսած է Տորոխին եւ աւելցուցած, որ այցելութեան ճիշդ թուականը տակաւին չէ ճշդուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.