«Ասպարէզ»ի Գրադարանը Ստացաւ
Սարգիս Ք. Խաչերեանի «Լոյսն Ի Վեր» բանաստեղծութիւններու հատորը: «Լոյսն Ի Վեր»ը լոյս ընծայուած է 2006ին, Հալէպ, «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ: Սարգիս Ք. Խաչերեանի բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները լոյս տեսած են «Գանձասար»ի, «Զարթօնք»ի, «Շիրակ»ի եւ «Կամար»ի մէջ: Հատորը հեղինակին բանաստեղծութիւններու 101 էջնոց առաջին հաւաքածոն է, որ ունի 4 ենթաբաժանումներ՝ «Մարդու մասին», «Սիրոյ մասին», «Քաղցկեղի մասին՝ մօրս» եւ «Հեղինակին մասին»: Ահաւասիկ նմոյշ մը՝ համտեսելու համար Սարգիս Ք. Խաչերեանի գործը. Երբ արիւնս ալեկոծի ջիղերուս մէջ Գայտ յոյզերուս հեղեղումով խառնիխուռն, Պիտի բարձրանամ դէպի երկինք Թօթափելու արե՛ւն անգամ, Որուն հեղուկ շողը գուցէ Ցուրտ արտերուն վրայ իյնայ Եւ արթննան գուցէ մարդիկ Լուան բիժը աչքերնուն Ու բորբոսած ականջներ Լսեն բամբը անկանին Որուն մէջ ես պիտի ծեծեմ Դերակատարները պատիր Ճշմարտութեան բեմին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.