Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, անդրադառնալով Ապրիլ 12-13ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հիւլէական ապահովութեան ժողովին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասնակցութեան, եւ այդ վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ Էրտողանի հաւանական հանդիպման՝ կը գրէ. «Երեւան-Անգարա հաշտեցման գործընթացին մէջ սկսած է ճատրակի լուրջ խաղ, որուն նպատակն է Պաքուն մեկուսացնել»:
«Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէ ամէն գնով կեանքի կոչել հայ-թրքական արձանագրութիւնները։ Այդ պատճառով ուղիներ կը փնտռէ՝ Թուրքիոյ վրայ ատրպեճանական գործօնի ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար։ Օպամայի վարչակազմը Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին հրաւիրած է քանի մը երկիրներու նախագահներ եւ վարչապետներ։ Բացի Թուրքիայէն, այդ երկիրներու շարքին են նաեւ Վրաստանն ու Հայաստանը։ Սակայն Ատրպէյճանը չկայ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»։
Օրաթերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին Հայ-թրքական գործարար խորհուրդի թուրք համանախագահ Քաան Սոյաք նշած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն նկատմամբ Պաքուի ընդդիմութիւնը մեղմացնելու համար աշխատանք կը տանի ոչ միայն Միացեալ Նահանգները, այլ նաեւ Ռուսիան, որովհետեւ արձանագրութիւնները կը բխին ե՛ւ Մոսկուայի ե՛ւ Ուաշինկթընի շահերէն։
Միւս կողմէ, անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Անգարա այցելած Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիւեւ բաւարարուած կը թուի իր խորհրդակցութեանց արդիւնքներով, որովհետեւ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեանց մէջ շեշտած է, թէ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ, եւ ո՛չ մէկը պիտի կարենայ անոնց վնասել: Ան աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան գոհ է Թուրքիոյ այն երաշխիքներէն, թէ Հայաստանի հետ սահմանները պիտի չբացուին, մինչեւ չլուծուի Ղարաբաղի հարցը։ Ան յիշեցուցած է, թէ Թուրքիա Ղարաբաղի պատճառաւ էր, որ փակած էր սահմանը՝ ազդարարելով, թէ «Հայերը միայն Ատրպէյճանի հողերուն վրայ չէ որ աչք ունին, այլ աչք ունին նաեւ Թուրքիոյ հողերուն վրայ»:
Մեհտիեւի համաձայն, Ատրպէյճան Ղարաբաղի հարցին մէջ ընտրած է խաղաղ լուծումի ճամբան, բայց եթէ այդ մէկը բաւարար չըլլայ, կարելի է դիմել այլ միջոցներու, նաեւ՝ պատերազմի։ «Մեր համբերութիւնը արդէն սպառելու վրայ է», ըսած է Մեհտիեւ։ Ըստ անոր, արեւմտեան երկիրներն են, որոնք Հայաստանը կը պաշտպանեն։ «Եթէ այս երկիրները Հայաստանին ըսէին, որ բռնագրաւումը օրինական չէ, Հայաստան վաղուց քաշուած կ՛ըլլար Ղարաբաղէն», նշած է ան։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Մեհտիեւ ըսած է, որ Հայաստանի հետ արձանագրութեանց ստորագրութիւնը կարելի չէ համարել դաւաճանութիւն, այլ՝ «պարզապէս սխալ մը, որ մնաց անցեալին մէջ»։