ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մարտ 27ին, Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի հանդիպած է Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ:
Նախկին նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հաղորդած է, թէ հանդիպումը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ՝ Քոչարեանի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.