ԼՈՆՏՈՆ.- «Բրիտանական կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ նամակով մը, պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դիմած է բրիտանական կառավարութեան, եւ խնդրած է վերատեսութեան ենթարկել անոր ուրացման քաղաքականութիւնն ու ընդնուիլ ճշմարտութիւնը՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը։ Միաժամանակ, ան նկատած է, որ ներկայ պայմաններուն տակ մեծ յոյս չկայ, որ բրիտանական կառավարութիւնը փոխէ իր քաղաքականութիւնը։
Ըստ Քոքսի, խնդիրը արդիական է՝ երեք հիմնական պատճառներով։ Առաջինը այն է, որ պէտք է ընել այն, ինչ աշխարհի բազմաթիւ խորհրդարաններ, որոնց շարքին Շուէտի խորհրդարանը, ըրած են՝ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը։
Իբրեւ երկրորդ դրդապատճառ, Քոքս կը յիշեցնէ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին հրապարակուած «Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է» խորագիրով յօդուածը, ուր թագաւորական պալատի փաստաբան Ճեֆրի Ռապըրթսըն, վկայակոչելով արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակի պաշտօնական փաստաթուղթերը՝ ցոյց կու տայ, թէ բրիտանական կառավարութիւնը ինչպէ՛ս խաբած է խորհրդարանն ու հասարակութիւնը։
Երրորդ պատճառը, թէ ինչո՞ւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդիական հարց է, այն է, որ այս տարի կը լրանայ օսմանցի թուրքերու կատարած ոճրագործութեան 95րդ ամեակը, եւ ըստ Քոքսի, վաղուց ժամանակը հասած է ճանչնալու Ցեղասպանութեան փաստը։
Պարոնուհի Քոքս, նամակը շարունակելով նկատել կու տայ, որ ամէն անգամ, երբ որեւէ նախաձեռնութիւն կ՛ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին, թրքական կառավարութիւնը կը կատղի եւ ամէն ինչ կ՛ընէ՝ կանխելու զայն։
Ըստ Քոքսի, ճշմարտութեան մերժումը կը վտանգէ Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցման գործընթացը։ «Ժամանակները կը փոխուին, սակայն Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը ժամկէտ չունի։ Այս երկխօսութիւնը (Ցեղասպանութեան բանաձեւին քննարկումը, Խմբ.) հնարաւորութիւն կու տայ միանալու միւս քաղաքակիրթ երկիրներուն։ Ես մեծ վախ ունիմ, որ բրիտանական կառավարութիւնը այդ մէկը չընէ, որուն հետեւանքով Բրիտանիան անպատիւ պիտի մնայ։ Սակայն ի վերջոյ, հնարաւորութիւն կայ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանը անգամ մը եւս բարձրացնէ հարցը եւ ինչպէս Սկովտիոյ խորհրդարանը, ճանչնայ պատմական ճշմարտութիւնը»։