ԼԷՅՔՈՒՈՒՏ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 10ին, Լէյքուուտ քաղաքի պետական երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարաններէն մօտաւորապէս 250 աշակերտներ ներկայ եղան ՀaԵԴի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ներկայացման մը, որուն նպատակն էր աշակերտներուն ծանօթացնել Հայկական Ցեղասպանութեան ծալքերը եւ նման ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու կարելիութիւնները:
Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով է, որ նման ձեռնարկ մը կը կազմակերպուի այս դպրոցին մէջ:
Մեծամասնութեամբ ոչ հայ աշակերտներուն Ցեղասպանութեան մասին սոյն ներկայացման մասնակցեցան ՀԵԴի վարիչ գործավար Սերուժ Աբրահամեանն ու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանրային յարաբերութեանց վարիչ Հայկ Յովսէփեանը, որոնք մօտաւորապէս երկու ժամուան ընթացքին խօսեցան Հայկական Ցեղասպանութան եւ ցեղասպանական այլ արշաւներու մասին, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ տուին Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ տարած աշխատանքներուն շուրջ՝ շեշտելով ցեղասպանութեանց կրկնութեան առաջքը առնելու գործին մէջ կրթութան կարեւորութիւնը:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին մասին քննարկումէն ետք, աշակերտներուն նաեւ առիթ տրուեցաւ նամակներ գրելու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիին: