ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» թերթը կը գրէ, որ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, թէ վարչապետ Էրտողան Ուրբաթ օր, Անգարայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ հայ համայնքի գլխաւոր ներկայացուցիչներու հետ։ Նոյն կայանի աշխատակիցը այս լուրը հաղորդելէ ետք կապ հաստատած Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ եւ տեղեկութիւն խնդրած է այդ մասին։
Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, թէ իրապէս հրաւէր մը ստացած է Ուրբաթ օրուան համար: «Այս մասին նախապատրաստական աշխատանքի մը կարիքը զգացա՞ծ էք» հարցումին պատասխանելով՝ Շիրինօղլու նշած է, որ նախապատրաստութիւն չէ տեսնուած, որովհետեւ տակաւին յայտնի չէ, թէ վարչապետը ի՛նչ նիւթի շուրջ կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ հայ համայնքի ներկայայացուցիչներուն հետ։ Շիրինօղլու աւելցուցած է, որ տակաւին յստակ չէ նաեւ, թէ որո՛նք պիտի ընկերանան իրեն։
«Մարմարա» այս առթիւ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կը կատարէ.
«Թէեւ նիւթը յայտնի չէ, բայց կարելի է մտածել, որ վարչապետը պիտի ուզէ վերատեսութեան ենթարկել վերջին անցուդարձերը, թերեւս բացատրութիւն պիտի տայ փախստական Հայաստանցիներու մասին իր յայտարարութեան գծով։ Շատ հաւանական է նաեւ, որ օրակարգի բերուի Պատրիարքական ընտրութեան հարցը ու վարչապետը ուզէ շօշափել մեր համայնքին բազկերակը այս նիւթին շուրջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.