«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ մինչեւ այն ատեն, որ Օպամայի վարչակազմն ու Քոնկրեսը յստակօրէն չըսեն, թէ «Թուրքիոյ պատմութիւնը պիտի չդատեն», Թուրքիա իր դեսպանը Ուաշինկթըն պիտի չվերադարձնէ։
«Մենք չենք կրնար ընդունիլ վճիռները (Ներկայացուցիչներու տան) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ոչինչ գիտեն պատմութեան մասին», ըսած է Տաւութօղլու։
Ըստ անոր, դեսպանը Ուաշինկթըն վերադարձնելու համար երկու պայման կայ: Նախ Օպամայի վարչակազմը եւ Քոնկրեսը պէտք չէ Թուրքիոյ պատմութեան մասին որոշումներ վաւերացնեն, եւ ապա՝ պէտք է աւելիով զարգացնել Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական համագործակցութիւնը։
Միւս կողմէ, թրքական «Մեճլիս» պարբերաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Ապրիլ 24ի ուղերձին՝ թուրք դեսպանին հարցով որոշում տալու համար։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզկարկին Չորեքշաբթի օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային ատեաններու մէջ քննելու մասին լրագրողի մը հարցումին՝ յայտնեց, թէ Անգարայի կողմէ քննուող կարելիութիւններէն մէկը կը մնայ այդ քայլը: