ՊՈԼԻՍ.- Թուրք դիւանագէտ, դեսպան Ինալ Պաթուի դուստրը՝ յայտնի դերասանուհի Փելին Պաթու, «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանի մէկ յայտագիրին ընթացքին յայտնած է, որ նոյն յայտագիրէն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալուն համար մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ: Ան յայտագիրէն յայտարարած էր, որ «1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն են»։
Պաթու յայտագիրէն յայտարարած է. «Ես ոչ մէկ ազգի՝ ո՛չ հայու, ո՛չ թուրքի, ո՛չ ալ քիւրտի փաստաբանը չեմ։ Ես ուղղակի կ՛ըսեմ՝ եկէք առարկայականօրէն խօսինք կատարուածին մասին։ Մեր ազգը շատ անհանդուրժող դարձած է», ըսած է թուրք դերասանուհին՝ ակնարկելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն։
Ըստ «Թաքվիմ» թերթին, Պաթու մահուան սպառնալիքներ ստանալէ ետք դիմած է դատախազութեան ու պահանջած է, որ պաշտպանութեան տակ առնուի։
Յիշեցնենք, թէ անցեալ տարուան Մայիսին, Պաթու պատկերասփիւռի կայանէն երեւցած էր՝ վիզին վրայ նռան վզնոցով, զոր գնած էր Հայաստանէն: Օրին եւս հանդիսականներ մահուան սպառնալիքներ ուղարկած էին Պաթուին։
Պաթու նաեւ ըսած է, որ մեծ թիւով հայ բարեկամներ ունի ու անոնք ճնշումի տակ կ՛ապրին, եւ թէ ինք շատ անհանգիստ է ծայրայեղ ազգայնապաշտներուն կեցուածքէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Փելին Պաթուի մասնակցած յայտագիրը ես ալ դիտեցի:Պաթու յայտագրի տեւողութեան ձքեց յայտագիրը եւ լալով դուրս ելաւ սրահէն որովետեւ յայտագրի կառաւարիչը եւ միւս անձը որ իբրեւ թէ պատմաբան մըն է ունենաով իթթահական մտայնութիւն, յայտագրի ժամանագ պաշտպանեցին այն մտայնութիւնը թէ 1915-1919 ի տարիներուն թուրքերուն ըրածը ճիշտ էր:Այս մտայնութիւնը արտայայտեցին սա անիծեալ խօսքերով .<>.Այս խօսքերուն վրայ Փելիմն Պաթու բաժնուեցաւ յայտագրէն:Արդէն չեմ հասկցած թէ Փելին Պաթու նման ազնիւ անձ մը ինչ գործ ունի այդ կոպիտ իթթահականներու հետ