ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մարմինները հետախուզական միջոցառումներով բացայայտած եւ կասեցուցած են դեղերու ժամկէտներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարող եւ դեղեր կեղծելու ու վաճառելու գործով զբաղող խումբի մը գործունէութիւնը:
Ըստ ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնի հաղորդման, Երեւանի բնակիչ Տիգրան Աւետիսեան, իր ծանօթներուն միջոցով դեղարաններէն ձեռք բերած է ժամանակը անցած դեղեր, ապա յատուկ գործիքներով յաջողած է փոխել անոնց թուականները։ Աւելին, ան աժան դեղերու վրայ այլ դեղերու անուններով կեղծ պիտակներ փակցուցած, ապա զանոնք ծախած է իբրեւ սուղ դեղեր։
ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնի նոյն հաղորդման համաձայն, դեղարաններէն գրաւուած են կեղծ եւ կեղծուած ժամկէտներով բոլոր դեղերը, ու դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.